Մահացած է Լիբանանահայ Երգիչ Ատիս Հարմանտեանը


Սեպտեմբեր 1-ին` 74 տարեկանին Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Սանթա Մոնիքայի մէջ մահացած է լիբանանահայ յայտնի երգիչ Ատիս Հարմանտեանը: Ան ծնած է 14 Յունուար 1945-ին, Պէյրութի մէջ։

Անոր յայտնի երգերէն են՝ «Ծաղիկներ», «Նունէ», «Գարուն Գարուն», «Այլ աչեր», «Ախթամար» եւ 100-աւոր այլ երգեր:

Թողարկած է մօտաւորապէս 30 ալպոմ: