Մահացած է Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան


Յուշարձանագէտ, պատմաբան Սամուէլ Կարապետեան

Փետրուար 27-ին մահացած է յուշարձանագէտ, պատմաբան, հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան: Ան 58 տարեկան էր:

Սամուէլ Կարապետեան ծնած է 1961-ի Յուլիս 30-ին: 1978-ին աւարտած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 դպրոցը:

1975-էն սկսեալ՝ ճամբորդած է Հայկական ԽՍՀ տարածքով բնութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, իսկ 1978-էն սկսեալ կը լուսանկարէր, կը չափէր եւ կը նկարագրէր հայկական յուշարձանները ամբողջ Պատմական Հայաստանի տարածքով։ Երեք տասնամեակի ընթացքին կը հետազօտէր եւ կը ցուցակագրէր Պատմական Հայաստանի հայ ճարտարապետութեան հազարաւոր նմուշներ։

Հեղինակ է բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքերու եւ աշխատութիւններու, որոնց շարքին հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած գիտական ուսումնասիրութիւններ, Հայաստանի պատմութեան հատորեակներ, առանձին գիրքեր և պարբերականներ։

Կարապետեան յայտնի է որպէս հարեւան պետութիւններու մէջ հայկական յուշարձաններու նկատմամբ վերաբերմունքի քննադատ: Ան կը կարծէ, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի իշխանութիւնները նպատակաուղղուած կ՛իրականացնեն հայկական յուշարձաններու ոչնչացման քաղաքականութիւն: