Մահացած է Պոլսահայ Աշխարհահռչակ Լուսանկարիչ Արա Կիւլեր


Հոկտեմբեր 17ին հիւանդանոց տեղափոխուած պոլսահայ յայտնի նկարիչ Արա Կիւլեր մահացած է: Ան 90 տարեկան էր: Անոր մահուան լուրը յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:

Բժիշկները յայտնած են, որ վերջին ժամերը Կիւլեր վերակենդանացման բաժինին մէջ էր, անոր սիրտը երկու անգամ կանգ առած էր: Թէեւ բժիշկները յաջողած են վերականգնել սրտի աշխատանքը, սակայն պատկառելի տարիքը թոյլ չէ տուած յաղթահարել ճգնաժամը, Կիւլեր մահացած է սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով:

Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 20ին, Կ.Պոլսի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցիէն։

Կիւլեր աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Զայն կ՛անուանէին «Պոլսոյ աչք»ը կամ «Պոլսոյ լուսանկարիչ»ը:

Ծնած է Պոլիս՝ հայկական ընտանիքի մէջ:  1951ին կ՛աւարտէ Պոլսոյ հՀհայկական Կեդրոնական վարժարանը: 1950ին արդէն կը թղթակցի Yeni Asia պարբերականին: Իսկ արդէն 1958ին կը դառնայ Paris-Match, Stern եւ Time-Life թերթերու թղթակիցը: Կիւլեր Annual Photographyի կողմէ ճանճցուած է աշխարհի 7 լաւագոյն լուսանկարիչներու շարքին: 1962ին արժանացած Master of Leica տիտղոսին:

«Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլեր լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծեր, ինչպիսիք են՝ Պերթրանթ Ռասըլ, Ուինսթըն Չըրչիլ, Մարք Շակալ, Ալֆրետ Հիչքոք, Թենըսի Ուիլեըմս, Փապլօ Փիքասօ, Սալւատոր Տալի, Սոֆիա Լորեն, Ուիլիըմ Սարոյեան, Սերգէյ Փարաջանով եւ այլք:

Յայտնի լուսանկարիչը հարցազրոյցներէն մէկու մը ժամանակ պատմած է, թէ Սոֆիա Լորէնը ինչպէս լուսանկարած է: « Անգամ մը տեսայ, որ ան վերելակ կը մտնէ, շտապեցի անոր ետեւէն: Միասին վեր բարձրացանք: Ան յոգնած էր, հանեց կօշիկները եւ պառկեցաւ մահճակալին: Հարցուցի, թէ կրնամ զինք այդ դիրքով լուսանկարել, ան դրական պատասխանեց: Նկարեցի եւ ուղարկեցի լուսանկարները մեր թերթին, ուր իմ ըրած լուսանկարները տպագրուեցան «Արա Կիւլերը` Սոֆիա Լորէնի ննջարանին Մէջ» վերնագիրով», պատմած է ան:

Ան նաեւ ներկայացուցած է իր հանդիպումը Փիքասոյի հետ: «Երբ Փիքասոյի հետ հանդիպեցայ, ինք զիս շատ հաւնեցաւ: Ան ըսաւ. «Դու զիս այդքան շատ կը լուսանկարես, սպասէ ես ալ քեզ նկարեմ»: Հիմա Թուրքիոյ մէջ Փիքասոյի մէկ բնօրինակ կտաւ կայ, այն ալ իմ տան մէջ», հպարտացած էր Արա Կիւլեր:

Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներու մէջ: