Մահացած է Ֆրանսահայ Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը` Ռուբէնի Հարսը


(France Arménie),- Մահացած է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը: Ան Սորպոնի համալսարանի եւ ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս էր։ Կը դասաւանդէր Հայաստանի, հայկական հարցի, անդրկովկասի ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւն: ِԱն Քանի մը Գիրքերու, որոնց շարքին` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է:

Տէր Մինասեան ծնած է 1933ին։ Աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Հայկական ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն մէկուն` Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գեղամ Տէր Կարապետեանի թոռնուհին է, նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ազատագրական պայքարի երեւելի գործիչ Ռուբէն Տէր- Մինասեանի հարսը: