Մայք Փոմփէօ Կ՛այցելէ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարի Հայկական Բաժին


«Արմենփրես», – Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այցելած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար եւ տաճարի հայկական բաժին:

Փոմփէօ մոմ վառած է հայկական եկեղեցւոյ պատկանող տարածքին մէջ, որմէ ետք Սուրբ Յարութեան տեսուչ Տ. Սամուէլ Ծ. վարդապետ Աղոյեան Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անունէն բարի գալուստ յայտնած է անոր:

Այնուհետեւ ան խօսած է Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութեան մասին:

Իր խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը ըսած է․ «Կը մաղթենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ձեր ջանքերը պսակուին յաջողութեամբ եւ Սուրբ Երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգերն ու կրօններու հետեւորդները ապրին խաղաղ ու բարգաւաճ»: