Մանկական Գիրք՝ «Ռուտիի Հետ Արկածախնդրութիւններ»․ Հեղինակ՝ Նայիրի Շահինեան


Նայիրի Շահինեան «Արկածախնդրութիւններ` Ռուտիի Հետ» կը մակագրէ մանուկներուն` Chapters Indigo գրախանութին մէջ, Դեկտեմբեր 9, Թորոնթօ:

Թորոնթոհայ“,- Նայիրի Շահինեանի «Ռուտիի Հետ Արկածախնդրութիւններ» (Adventures With Rudi) գիրքը արդէն իսկ հասանելի է ընթերցասէր մանուկներուն համար։

Մանկական գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 9ին, Chapters Indigo (Kennedy Commons) գրախանութին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ թորոնթոհայեր, որոնք եկած էին քաջալերելու այս իւրօրինակ նախաձեռնութիւնը:

Իւրաքանչիւր գիրքի վաճառքէն 2 տոլար նուիրաբերուեցաւ Love of Reading Foundationին։

Գիրքը հասանելի է առցանց՝ Amazon-էն, Indigo Chapter-էն, ինչպէս նաեւ Hamazkayinի գրախանութին մէջ։

Ռուտին ուրախ ուսկեգոյն շնիկ մըն է, եւ ինչպէ՞ս ան չըլլար. հոգատար ընտանիք, բազմաթիւ շնիկ-ընկերներ մօտիկ զբօսայգիին մէջ եւ շատ-շատ արկածախնդրութիւններ, որոնք պիտի բացայայտուին իւրաքանչիւր օր՝ գիրքի էջերուն մէջ։ Ռուտիի կեանքը լի է յորդող զուարճութեամբ, ծիծաղով եւ սիրով։

Ռուտիի հետաքրքրութիւնը, ուրախութիւնը եւ բարութիւնը կը փայլին իւրաքանչիւր պատմութեան մէջ։ Անիկա կատարեալ ընտանեկան ուղեկից մըն է՝ ըլլայ զբօսագիին կամ գիրքին մէջ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Նոյեմբեր 30-ին, Շահինեան գիրքը ներկայացուց եւ մակագրեց նաեւ Թորոնթոյի ՀՕՄի վարժարանի Գոլոլեան նախակրթարանի Ա. Բ. եւ Գ կարգերու աշակերտներուն: