Մանկական Միջազգային Գրականութիւն՝ Արեւմտահայերէնով


Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայ Համայնքներու Վարչութիւնը նախաձեռնած է գիրքերու թարգմանութեան նոր ծրագիրի մը, որ կը կոչուի «Զարթիս»։ «Զարթիս» հրատարակչութեան շարքը արեւմտահայերէնով մատչելի կը դարձնէ մանկական միջազգային գրականութիւնը։

Գիրքերը նախատեսուած են ընթերցանութեան տարբեր մակարդակներ ունեցողներու համար եւ յարմար են երեխաներու եւ դեռահասներու համար (երեքէն մինչեւ տասնութ տարեկան)։ Գիրքերը կը ներառեն գեղարուեստական եւ ոչ գեղարուեստական վերնագիրներու լայն տեսականի մը։ «Զարթիս» ժողովածուն լոյս կը տեսնէ Եւրոպայի՝ «Նոր Յառաջ» եւ Միացեալ Նահանգներու՝ «Ապրիլ Պուքս» հրատարակչատուներէն։ Գիրքերը կարելի է պատուիրել վերոնշեալ հրատարակչատուններէն եւ կը բաշխուին ամբողջ աշխարհով մէկ։

2019-էն 2020 թուականներուն ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ, պուլկարերէնէ, չինարէնէ եւ այլ լեզուներէ արեւմտահայերէնի պիտի թարգմանուին մանկական 10 գիրքեր։ Շարքին առաջին երկու գիրքերը արդէն լոյս տեսած են՝ Մարիօ Ռամոսի «Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը» եւ  Իզապէլ Մինեոս Մարթինսի՝ «Մինչ մազերս կ’երկննային» գիրքերը։

Մօտ օրէն հրատարկուելիք գիրքերն են՝ Չէն ՉԻ-Իւունի՝ «On My Way TO Buy Eggs Հաւկիթներ գնելու ճամբուս Վրայ», Մայքըլ Մորբուրկոյի՝ «War  Horse Պատերազմի ձի»  եւ Ֆրանսուա Բլէսի «Les Derniers Ge՛ants Վերջին հսկաները»:  Այժմ կ’ընտրուին ոչ գեղարուեստական գիրքերը։

«Մենք շատ ոգեւորուած ենք «Զարթիս» գիրքերու ժողովածուի հրատարակութեամբ», յայտնեց Հայ համայնքներու Վարչութեան տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան։ Ան աւելցուց՝ «Երեխաներուն համար արեւմտահայերէնով գրուած  բարձրորակ գիրքերու կարիք կայ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը կը լուծէ այդ կարիքը։

Այս գիրքերը ուղղակիօրէն կը նպաստեն արեւմտահայերէնի վերակենդանացման, երեխաներն եւ պատանիները խրախուսելով համաշխարհային գրականութիւն կարդալու՝ գեղեցիկ  ձեւով թարգմանուած հայերէնով։