Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին


“Արմենփրես”․- Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին` «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:

Մրցոյթը տեղի ունեցաւ  Յունուար 18էն 20, Լիւքսեմպուրկի մէջ:

Այս առիթով Տիգրան Մանսուրեան յայտնած է որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն` իր գործին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումէն:

«Ռեքուիեմ»ը ներկայացուած է նաեւ Յունուար 28ին տեղի ունենալիք «Կրեմմի» մրցանակի 60րդ յոբելենական մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ: Խօսելով «Կրեմմի»ի մասին` Մանսուրեան ըսաւ, որ, անշուշտ, կը սպասէ այդ կարեւոր մրցանակաբաշխութեան: «Եթէ մրցանակի արժանանամ, կը կարծեմ, որ բոլորս ալ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ ոչ, Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանակը արդէն կայ ու կայ», կատակով յայտնած է երաժիշտը:

Դասական երաժշտութեան եւրոպական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը ծնունդ առած է 6 Ապրիլ 2011ին, Քաննի մէջ: Դատական կազմը բաղկացած է երաժշտական հեղինակաւոր ամսագիրներու քննադատներէ: