Մասաչուսէթսի Մէջ Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Ականատեսներէն Աստղիկ Ալէմեանը


Ձախէն՝ Միտըլսեքս քաղաքի ոստիկանապետ Փիթըր Քութուճեան, Աստղիկ “Սթարի” Ալէմեան, նահանգային ծերակուտական Տէյվիտ Մուրատեան Մասաչուսէցսի խորհրդարանին մէջ, 2018:

«Արմէնփրես», «The Armenian Mirror Spectator»,- Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէթս նահանգին մէջ, Սեպտեմբեր 5-ին կեանքէն հեռացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին ականատեսներէն մէկը` 109-ամեայ Աստղիկ   “Սթարի” Ալէմեանը:

Աստղիկ Ալէմեան Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուած է ծնողներն ու եղբայրները եւ մինչեւ 12 տարեկան մնացած Սուրիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ:

Հօրեղբօր` Կարապետ Թեթեզեանի օգնութեամբ ան իր քրոջ` Աննային հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ:

1980-ականներէն ի վեր` ան ամէն տարի Ապրիլ 24-ին յատուկ պատիւի կ՛արժանանար նահանգի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկին ժամանակ:

90-ամեակին Աստղիկը ընտանիքի անդամներուն հետ մեկնած է Եգիպտոս եւ Սուրիա` վերստին այցելելով այն վայրերը, ուր եղած էր իր մանուկութեան տարիներուն: