Մասիսի Մէջ Փոքրիկ «Հսկայ» Մը Ծնած է


Նորածին Մաքսը

«Մետիամաքս»,- Հայաստանի Արարատի մարզի Մասիսի քաղաքի հիւանդանոցի մանկաբարձութեան բաժանմունքին մէջ 10.Փետրուար 2020-ին ծնած է արական սեռի փոքրիկ, որ կշռած է 5 քիլօ 500 կրամ, հասակը 60 սմ․։

«Մասիսի բժշկական կեդրոնի եւ մանկաբարձութեան եւ կնաբանութեան բաժանմունքի ողջ անձնակազմը կը շնորհաւորէ մայրիկը` Մասիս քաղաքի բնակչուհի Լուսանուշ Սամուէլեանը` ցանկալով երջանիկ մայրութիւն, բալիկին` անհոգ մանկութիւն: Եղէք առողջ ու երջանիկ»,- ըսուած է հիւանդանոցին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նորածինը ծնած է գործողութեամբ (caesarian)։ Ան ծնողին 2-րդ զաւակն է։ Անոր անունը Մաքս է։

Լուսանակարները Մասիսի բժշկական կեդրոնի ֆէյսպուքեան էջէն