Մասնակցեցէ’ք «Հայապահպանութեան Գործին ՄԷջ Նշանակալի Աւանդի Համար» 2017ի Մրցանակաբաշխութեան


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017ի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ`

  1. «Մայրենիի պաշտպան» (անհատներ),
  2. «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ»,
  3. «Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն»,
  4. «Ազատ Արցախ» եւ «Մայիս` յաղթանակներու ամիս» մանկապատանեկան լաւագոյն   ստեղծագործութիւններու մրցոյթ (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, էսսէ եւ այլն):

Մրցոյթներուն մասնակցիլ ցանկացողները լրացուած յայտադիմումները պէտք է ներկայացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն մինչեւ 2017-ի Նոյեմբեր 30:

Մրցոյթներու արդիւնքները կ’ամփոփուին 2017ի Դեկտեմբերին: