Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Տուգանքի Ենթարկած Է Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ազրպէյճանը


Յարութ Սասունեան

12 Դեկտեմբեր 2017ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակեց վճիռներ` համանման երկու դատական հայցերու վերաբերեալ, մէկը ընդդէմ Հայաստանի, միւսը` Ազրպէյճանի: Զարմանալի չէ, որ ազրպէյճանական մամուլը, խեղաթիւրելով իրողութիւնը, յայտարարեց միայն Հայաստանի դէմ կայացուած վճիռին մասին` իր ընթերցողներէն թաքցնելով այն փաստը, որ նման վճիռ մըն ալ արձակուած է Ազրպէյճանի դէմ:

Նախկին Խորհրդային Ազրպէյճանի Շահումեանի շրջանի (հիւսիսային Արցախ) Գիւլիստան գիւղէն գաղթական Մինաս Սարգսեան 11 Օգոստոս 2006ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայց ներկայացուց` ընդդէմ Ազրպէյճանի: 1992ին Սարգսեան եւ իր ընտանիքը, արցախեան հակամարտութեան ժամանակ, ստիպուած էին փախչիլ` լքելով իրենց տունն ու այգին: 2009-ին Մինաս Սարգսեան մահացաւ Երեւանի մէջ: Անոր այրին, որդին եւ երկու դուստրերը շարունակեցին դատական գործը: Իսկ 2014ին, իրենց մօր մահէն ետք, որդին եւ դուստրերէն մէկը հետեւեցան դատավարութեան: Սարգսեաններուն ընտանիքը փոխհատուցում պահանջեց իր սեփականութեան կորուստին համար:

11 Մարտ 2010ին ՄԻԵԴը գործը յանձնեց Մեծ պալատին, որ մերժելով Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ զանազան առարկութիւններ` 16 Յունիս 2015ին որոշեց, որ Սարգսեաններուն ընտանիքը իրաւունք ունի փոխհատուցում ստանալու իրենց գոյքի կորուստին համար: Սակայն մինչեւ 12 Դեկտեմբեր 2017 գումարի մասին ոչինչ որոշուած էր, երբ Մեծ պալատը վճռեց, որ Ազրպէյճան պէտք է Սարգսեաններուն վճարէ 5000 եւրօ փոխհատուցում` Գիւլիստանի անոնց գոյքին դիմաց եւ 30 հազար եւրօ` դատական ծախսերու համար:

Դատարանը ընդգծեց, որ Մեծ պալատը 2015ի իր որոշման մէջ երկու հակամարտող հանրապետութիւններէն` Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն խնդրած էր ներկայացնել իրենց դիտարկումները եւ տեղեկացնել դատարանը, թէ արդեօք ձեռք բերա՞ծ են  համաձայնութիւն արցախեան հակամարտութեան գծով: Երկու հանրապետութիւնները, քաղաքական լուծման չհասնելով, յայտարարուեցան պատասխանատու` գաղթականներու սեփականութեան կորուստներու համար: Դատարանը յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան 2002ին Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցելէ առաջ պարտաւորուած էին հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման: Քանի որ անոնք պատերազմի լուծում մը չէին գտած, դատարանը պարտաւոր էր դրամական փոխհատուցման չափ որոշել գաղթականներու գոյքային կորուստներուն համար:

ՄԻԵԴի Մեծ պալատը կազմուած էր 17 դատաւորներէ` եւրոպական տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին` Հայաստանէն (Արմէն Յարութիւնեան) եւ Ազրպէյճանէն (Լաթիֆ Հուսէյնով): Հետաքրքրական է, որ ազրպէյճանցի դատաւորը ծանօթագրութիւն մը աւելցուց որոշումի կայացումէն ետք` նշելով, որ թէեւ ինք համաձայն չէր կազմին միանալէ առաջ Մեծ պալատին կողմէ տրուած որոշումին, սակայն ինք այլընտրանք չունէր` փոխհատուցում յատկացնելու մասին որոշումը պաշտպանելէն բացի: Հասկնալի է, որ ազրպէյճանցի դատաւորը կը փորձէր ինքզինք պաշտպանել Ազրպէյճանի այն մեղադրանքներէն, ըստ որոնց, ինք համաձայն եղած էր հայ ընտանիքին փոխհատուցում վճարելու որոշումին:

Զուգահեռաբար, Ազրպէյճանի քաղաքացի վեց քիւրտեր 2005ի Ապրիլ 6ին միացեալ բողոք ներկայացուցին ՄԻԵԴին` «Չիրակով եւ ուրիշներ` ընդդէմ Հայաստանի» գործով: Անոնք բողոքեցին, որ հայկական ուժերու կողմէ Լաչինի միջանցքի գրաւման ընթացքին իրենք ստիպուած եղած էին փախչիլ իրենց տուներէն, որոնք, 1992ին, արցախեան պատերազմի օրերուն, կը գտնուէին Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ:

ՄԻԵԴի Մեծ պալատը 2015ի Յունիս 16ին, ինչպէս` «Սարգսեան ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի պարագային, որոշեց, որ Հայաստան պատասխանատու էր Ազրպէյճանի վեց քաղաքացիներուն կրած կորուստներուն համար: Անոնք միլիոնաւոր եւրոներու փոխհատուցում պահանջած էին: Սակայն Մեծ պալատը 2017ի Դեկտեմբեր 12ին որոշում կայացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի վեց քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին պէտք է վճարէ 5 հազար եւրօ եւ ընդհանուր 28 հազար 642 փաունտ սթերլին` դատական ծախսերու համար: Այս անգամ եւս հայ եւ ազրպէյճանցի դատաւորները ՄԻԵԴի Մեծ պալատը ձեւաւորող 17 դատաւորներու շարքին էին: Անոնք երկուքն ալ կողմ քուէարկեցին որոշումին:

ՄԻԵԴի համար իրական խնդիրը այն է, թէ ի՛նչ պէտք է ընել հարիւր հազարաւոր հայ եւ ազրպէյճանցի փախստականներու հետ, որոնք փախած են իրենց տուներէն` արցախեան պատրերազմի ատեն: Արդեօք իւրաքանչիւր գաղթակա՞ն պէտք է ստանայ 5 հազար եւրօ` որպէս փոխ հատուցում եւ 30 հազար եւրօ ալ` դատական ծախսերու համար: Մեծ պալատը իր որոշման մէջ նշած է, որ` «պատերազմի ընթացքին տեղահանուած մարդոց կողմէ աւելի քան հազար անհատական դիմումներ ներկայացուած են դատարան, կէսէն քիչ մը աւելին ուղղուած է Հայաստանի դէմ, մնացածը` Ազրպէյճանի: Այս դիմողները կը կազմեն մէկ չնչին մասը այն մէկ միլիոնէ աւելի մարդոց, որոնք պատերազմի ընթացքին ստիպուած էին փախչիլ իրենց տուներէն եւ այդ ժամանակէն ի վեր չեն կրցած վերատիրանալ իրենց ունեցուածքին եւ տուներուն, կամ ստանալ որեւէ փոխհատուցում` իրենց կորուստներուն համար»:

Միակ լուծումը այն է, որ երբ օր մը Արցախեան հակամարտութիւնը լուծուի, կարգաւորումը պիտի ներառէ նաեւ մեծ թիւով հայ եւ ազրպէյճանցի գաղթականներու հիմնարար հարցի լուծումը…