Մաքրոն Անձամբ Էրտողանը Տեղեակ Պահած է Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակելու Մասին


Մաքրոն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքի ընթացքին։ 

«Արմենփրես»,- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անձամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տեղեակ պահած է Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր հռչակելու մասին: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքի ընթացքին՝ Մաքրոն, խօսելով յիշատակի օր հռչակելու նախաձեռնութեան մասին, յայտարարած է, որ Էրտողանը նախապէս տեղեակ պահած է իր որոշումին մասին, քանի որ «կը փափաքի բաց երկխօսութիւն պահպանել Թուրքիոյ հետ»:

«Մենք տարաձայնութիւններ ունինք «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հարցերուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան խնդիրին վերաբերեալ», ըսած է Մաքրոն: Ան նկատել տուած է, որ նաեւ միատեսակ կարծիքներ ունին Սուրիոյ հարցով, իսկ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, Ֆրանսայի նախագահին կարծիքով, առաջնային է:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքը տեղի ունեցած է Փետրուար 5ին: Մաքրոն իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակել խոստացած էր։ Ընթրիքին՝ ան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին: