Մաքրոն Պետական Այցով Հայաստան Գալու Մտադրութիւն Յայտնած է


Փետրուար 14ին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը: Հանդիպման ընթացին դեսպան Լաքոթ նշած է, որ Ֆրանսան պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով։ Ընդգծելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերջերս յայտնած է Հայաստան պետական այցով ժամանելու մտադրութեան մասին` դեսպանը նշած է, որ այդ այցը եւս պիտի նպաստէ երկկողմ ծրագիրներու յստակեցման ու յետագայ ընդլայնման:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, սակայն, յաւելեալ տեղեկութիւն չի փոխանցեր այդ այցի ժամկէտին մասին։

«Ֆրանսայի նախագահին Հայաստան այցի ժամկէտները առայժմ յստակ չեն: Էմանուէլ Մաքրոն իր այցի մասին յայտնած է Փետրուարի սկիզբը Փարիզի մէջ հայ համայնքի ամենամեայ ընթրիքի ժամանակ», յայտնած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան լրատուական ծառայութենէն:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հերթին կը փոխանցէ, որ նման կարգի այցերու ժամկէտներու մասին համաձայնութիւն գոյանալու պարագային երկու կողմերն ալ համակարգուած ձեւով կը տեղեկացնեն:

Փետրուար 5ին տեղի ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքը, որուն ներկայ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Ան այդ օրը Ապրիլ 24ը յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն  Հայաստան եկած էր 2018 թուականի Հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասնակցելու համար: