Մաքրոն Ստորագրեց Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Հռչակելու Մասին Համաձայնագիրը


Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Ֆրանկ Փափազեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 10ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ՝ Ապրիլ 24ը պաշտօնապէս հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր։

Հրամանագիրին մէջ կը նշուի, որ իւրաքանչիւր տարի Ապրիլ 24ին Ֆրանսայի մէջ պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օրը, իւրաքանչիւր տարի այդ օրը Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան։