Մեծ Հանդիսութեամբ Տեղի Ունեցաւ Համահայկական 7րդ Խաղերուն Փակումը


 «Արմենփրես»,- Օգոստոս 17ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերը:

20ամեայ խաղերու փակման արարողութեան սկիզբը ներկաներուն խօսքով դիմեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան` շնորհակալութիւն յայտնելով խաղերուն իրենց աջակցութիւնը բերած բոլոր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներուն, մասնակիցներուն եւ մրցավարներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն:

«Խաղերը հաստատուն կամուրջ դարձած են Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի միջեւ», շեշտեց Զաքարեան։ Ներկաներուն հրաժեշտի խօսքով դիմեց նաեւ Համահայկական խաղերու հիմնադիր անդամներէն Ալպերթ Պոյաճեան` շեշտելով, որ մարմնամարզութեամբ կը միաբանուին Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը:

«Միսս համահայկական խաղեր» ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ վոլեյպոլիստ Աննա Թունեան: Լաւագոյն մարզական պատուիրակութիւնը Ռուսիոյ խումբն էր, «Արդար խաղ»ի մրցանակը ստացաւ պասկեթպոլի Հալէպի կանանց խումբը: Համահայկական խաղերուն յայտնութիւն դարձաւ Տուպայի պատուիրակութիւնը: «Կարգապահութեան եւ մարզական ոգի»ի մրցանակը ստացաւ Վիեննայի խումբ: Համահայկական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ լաւագոյն քաղաքներ ճանչցուեցան Էջմիածինի եւ աւստրալական Սիտնէյի պատուիրակութիւնները: Բոլոր մրցանակակիրները պարգեւատրեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:

«Համահայկական խաղերու 14 օրերու ընթացքին մենք վայելեցինք միասին ըլլալու բերկրանքը: Ապացուցեցինք, որ մենք ենք եւ միասնական ենք: Փակման արարողութիւնը կը խորհրադանշէ , որ աշխարհի բոլոր հայերուն համար կայ մէկ մայրաքաղաք` Երեւանը: Անկախ քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելութենէ, մենք միշտ միասնական պիտի ըլլանք: 8-րդը աւելի մեծ պիտի ըլլայ», ըսաւ Փաշինեան՝ յայտարարելով խաղերը փակուած:

7րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի մասնակցեցաւ 5244 մարզիկ` աշխարհի 35 երկրի 161 քաղաքներէ: Խաղերու  քանի մը մարզաձեւեր տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ մեծ մասը՝ Երեւանի մէջ: Այս տարի մասնակցեցաւ 3 նոր երկիր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը եւ Չեխիան:

Վարչապետ Փաշինեան կը պարգեւատրէ յաղթող մարզիկները։