Մենք Չենք Մտածեր Վերադառնալու Մասին. Հալէպահայ


«Փանորամա»․- Հալէպահայ Լուսինէ Պարսումեան ընտանիքին հետ 2012էն ի վեր կ՛ապրի Երեւան: Նախ եկած են որպէս զբօսաշրջիկ` 15 օրով, սակայն Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակի պատճառով արդէն 5 տարէ Հայաստան են:

Լուսինէ Պարսումեան ներկայ էր ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակին մէջ  Փախստականի համաշխարհային օրուան եւ «Մենք կանգնած ենք Փախստականներու կողքին» քարոզարշաւի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին:

«2012ին Սուրիոյ մէջ պատերազմը նոր  սկսած էր: Որոշեցինք 15 օրով գալ Երեւան` հանգստանալու, քանի որ աշխատանքը դադրած էր, խանութները փակ էին, տունէն քիչ դուրս կ՛ելլէինք: Սակայն շատ արագ վիճակը վատացաւ, ու մենք մնացինք այստեղ: 15 օրուան հագուստ բերած էինք միայն, ուրիշ ոչինչ: Բայց չէր արժեր մեր կեանքը վտանգելու համար  ետ երթալ`  մեր ունեցուածքին համար», լրագրողներուն յայտնած է ան:

Ան նշած է, որ սկիզբը շատ դժուար էր, չէին գիտեր` ինչ ընեն` սպասեն, որ իրավիճակը լաւանայ եւ վերադառնան, թէ փորձեն յարմարիլ. «Ծանր հոգեվիճակ էր, մինչեւ ճանապարհ գտանք ու հաստատուեցանք այստեղ: Հալէպի գործը այստեղ շարունակեցինք: Ամուսինս արծաթագործ էր, շարունակեց իր գործը այստեղ: Արդէն հինգ տարէ Վերնիսաժի մէջ կը վաճառէ իր պատրաստած իրերը: Կան գնորդներ` եւ տեղացի, եւ զբօսաշրջիկներ: Արդէն ունի իր մշտական գնորդները: Ես ալ զարդեր կը պատրաստեմ: Աւելի շատ կը մասնակցիմ ցուցահանդէսներու»։

Հալէպահայուն խօսքով, օժանդակութիւն ստացած են ե՛ւ  կառավարութենէն, ե՛ւ կազմակերպութիւններէ:

«Եղած են ճանապարհ ցոյց տուողներ, դասընթացքներ, խորհրդատուութիւններ: Ունինք փաստաբաններ, որոնց հետ կը խորհրդակցինք: Մենք մեր հայրենիքի մէջ էինք, բայց մեզի համար լրիւ օտար օրէնքներ էին: Հարկայինի հետ կապուած խնդիրներ չկային: Կը տեսնէին, որ ոչ թէ խախտում կ՛ընենք, այլ ուղղակի չենք գիտեր ձեւը», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր արդէն Հալէպի մէջ իրավիճակը քիչ-քիչ կը կարգաւորուի, կան սուրիահայեր, որոնք կը վերադառնան, արդեօ՞ք մտադրութիւն ունին վերադառնալու, Լ. Պարսումեան ըսած է. «Քիչ են այն մարդիկ, որոնք կը ցանկան վերադառնալ: Հիմնականօրէն անոնք, որոնք մէկ տարի առաջ եկած են: Մեր նմանները, որոնք արդէն հինգ տարիէ այստեղ են, հաստատուած են, ունին աշխատանք, գործ, կը կարծեմ, չեն մտածեր վերադառնալու մասին: Հինգ տարին քիչ չէ: Մենք չենք մտածեր վերադառնալու մասին»: