Մենք Պիտի Իրականացնենք Մեծ Ներգաղթ եւ Հայրենադարձութիւն. Սփիւռքի Նորանշանակ Նախարար


Մենք պիտի իրականացնենք մեծ ներգաղթ եւ հայրենադարձութիւն, սակայն ատիկա ժամանակ ու եռանդուն ամենօրեայ աշխատանք կը պահանջէ, Մայիս 14ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Սփիւռքի նորանշանակ Մխիթար Հայրապետեան:

Անոր խօսքով, արդէն հիմա կը շրջանառուի, որ շատեր վերադարձած են հայրենիք. «Յեղափոխութեան յաղթանակը իր հետ բերած է յոյս, ինչ որ երկար ժամանակ կը բացակայէր մարդոց մօտ: Ատոր շնորհիւ է, որ կը վերադառնան: Հիմա եկած է պահը յստակ քայլերով ատիկա ամրապնդելու: Մենք կրնանք մեր հայրենակիցներուն առաջարկել վերադառնալ, երբ ստեղծենք այդ մթնոլորտը», ըսած է Հայրապետեան:

Ան անդրադառնալով ընելիքներուն, նշած է, որ գուցէ որոշ փոփոխութիւններ ըլլան առկայ ծրագիրներուն մէջ, պիտի ըլլան նաեւ նոր ծրագիրներ: Նախարարը նկատել տուած է, որ 20օրեայ ժամկէտի մէջ պէտք է կառավարութիւնը ներկայացնէ իր ծրագիրը եւ հիմա իրենք պէտք է լծուին նախարարութեան ծրագրի մշակման աշխատանքներուն:

Նախարարին խօսքով, սփիւռքի հայ համայքններուն հետ յարաբերութիւններու որակը պէտք է փոխուի, քանի որ անոնք չեն արժանացած այն ուշադրութեան, որուն պէտք է արժանանային:

Ան կ՝առաջարկէ նաեւ ստեղծել երկպալատանի խորհրդարան, որոնցմէ մէկուն մէջ ներկայացուած ըլլան միայն Սփիւռքի ներկայացուցիչները։

«Յառաջիկային պիտի փորձեմ անդրադառնալ այդ հարցին։ Ասիկա միանձնեայ որոշում չի կրնար ըլլալ։ Մեր քաղաքական աշխատակազմի ծրագիրին մէջ ներառուած այդ գաղափարը պէտք է քննարկուի, նորացուի ու համաձայնեցուի», ըսած է ան։

Անոր խօսքով` ատիկա Սփիւռքի հետ համագործակցելու ու Սփիւռքը հարցերու ընդունման գործընթացին մէջ ներառելու ճիշդ ուղի է։ Ան աւելցուցած է, որ չի կրնար պնդել, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ներառուի կառավարութեան ծրագիրին մէջ։ «Բայց ես պիտի հետապնդեմ այդ գաղափարը։ Ատիկա մեր ծրագրային կարեւորագոյն կէտերէն էր», ըսած է Հայրապետեան։

Նախարարը նշած է, որ նախարարութիւնը այդ հարցի առնչութեամբ նաեւ առաջարկներ պիտի ընդունի Սփիւռքի ներկայացուցիչներէն։

Անոր խօսքով` խորհրդարանի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին գաղթօճախներու մէջ։