«Պիտի Պայքարինք Արցախի Ինքնորոշման եւ Ժողովուրդի Տնտեսական Վիճակը Բարելաւելու Համար». Կ’ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան


 «Արցախփրես»,- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Յունուար 25ին տեղի ունեցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հանդիպումէն ետք, Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան խօսելով ՀՅԴ ընդհանուր ժողովի Արցախի մէջ իրականացման մասին՝ ըսած է, որ անիկա ունի պատմական առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում:

Անոր խօսքով՝ Դաշնակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ:

«ԱՀ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք ՀՅԴ անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կը վստահեցնեմ, որ մեր համագործակցութիւնը, առաջադրած ծրագիրները միշտ ալ պիտի ըլլան Արցախի իշխանութիւններուն համահունչ: Արցախը, ըստ պատշաճի, կարեւոր շրջափուլ կը մտնէ 2020ի ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար: Մենք կը փափաքինք, որ Դաշնակցութիւնը իր Արցախի կառոյցով եւ համահայկական ուժերով զօրավիգ կանգնի Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ուղղութիւններուն: Այս ժողովով մեր համահայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներով՝ մէկ անգամ եւս հաստատեցինք, որ մենք պիտի պայքարինք Արցախի ինքնորոշման եւ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ Արցախը համայն հայութեանն է», մասնաւորապէս ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: