Մեր Բանակը Պէտք Է Զօրացնենք, Չի Բաւեր Միայն Ունենալ Հերոս Տղաք․ Արամ Ա․


Մէկ տարի անցած է ապրիլեան պատերազմէն, մէկ տարին բաւական ժամանակ է` խորհելու, սխալները վերհանելու համար: Ի՞նչ սովորեցուց նոր պատերազմը մեզի, ի՞նչ դասեր պէտք է քաղել ատկէ: Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Երկիր»ը Անթիլիասի մէջ զրուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, նախորդ տարի դուք Արցախ էիք, ինչպէ՞ս տեսաք նոր պատերազմի բովով անցած երկիրը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- Ես Արցախի ապրիլեան պատերազմէն շաբաթ մը ետք հոն էի, տեսայ մեր ժողովուրդը, մեր հերոս տղաքը: Ես իրապէս կը գնահատեմ մեր հերոսները, մեր զինուորները, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին մեր հողը, մեր իրաւունքը, Ղարաբաղի անկախութիւնը: Մենք պիտի գիտակցինք, որ Հայաստանը, Ղարաբաղը շրջապատուած են ոչ բարեկամ երկիրներով: Այսպէս եղած է Հայաստանը` որպէս կռուախնձոր պատմութեան ընթացքին, հարաւէն, հիւսիսէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն միշտ հարուածած են մեզ, փորձած են ընկճել մեր ժողովուրդը: Սակայն պատմութեան պարտադրած փոթորիկներուն դիմաց մեր ժողովուրդը մնացած է կանգուն: Նոյնիսկ Եղիշէ պատմիչին բառերով` իմացեալ մահով մեր ժողովուրդը իր հայրենիքը, իր ինքնութիւնը պահած է:

Արդարօրէն Ղարաբաղը կը նկատուի դուռը Հայաստանին, Ղարաբաղի անկախութեան պահպանումը կը նկատուի Հայաստանի ամրապնդման նախապայմանը, Հայաստանի գոյութեան առանցքը, հիմքը, հետեւաբար` ամէն գնով մենք պէտք է Ղարաբաղի ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, մեր ժողովրդի իրաւունքները պահենք, պաշտպանենք եւ հզօրացնենք:

Հ.- Ի՞նչ սովորեցուց ապրիլեան պատերազմը մեզի:

ԱՐԱՄ Ա.- Մեր մօտեցումը զգացական պէտք չէ ըլլայ: Ղարաբաղի չորսօրեայ պատերազմը մեզի համար արթնութեան կոչ մըն էր` արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց, գիտցի՛ր` որո՛նք են բարեկամներդ, որո՛նք են թշնամիներդ: Այսօր քաղաքականութեան մէջ մենք պէտք է իրատես ըլլանք: Քաղաքական յարաբերութիւնները բարեկամութեան վրայ հիմնուած չեն, այլ շահերու վրայ հիմնուած են: Մարդիկ Ղարաբաղին կամ Հայաստանին կամ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն կը մօտենան` իրենց շահերէն մեկնած եւ ոչ թէ մեր շահերէն, ոչ թէ` փոխադարձ բարեկամութենէն, հետեւաբար աշխարհաքաղաքական պայմանները պէտք է ճիշդ կերպով տեսնենք, ուսումնասիրենք եւ կողմնորոշուինք, այլապէս մենք տագնապալից կացութիւններու դիմաց կրնանք գտնուիլ թէ՛ որպէս Հայաստան, թէ՛ որպէս Ղարաբաղ:

Մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է աւելի զօրացնենք, ընդարձակենք ու ծաւալենք եւ քայլ պահենք նաեւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ, թէ՛ մեծ պետութիւններուն հետ, թէ՛ նաեւ շրջանային գերուժերու հետ, հետեւաբար զինուորական երեսը շատ կարեւոր է անկասկած: Մեր բանակը պէտք է զօրացնենք: Չի բաւեր միայն ունենալ հերոս տղաք, որոնք պատրաստ են իրենց արիւնը թափելու Հայաստանի համար, Արցախի համար, սա կարեւոր է, մեր մեծագոյն զէնքը սա է, սակայն այս զէնքին առընթեր մեր բանակի հզօրացումը շատ կարեւոր է, եւ սա մեր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ: Բանակի հզօրացման առընթեր մեր միջազգային յարաբերութիւնները, դիւանագիտական, քաղաքական կապերը կը նկատեմ շատ կարեւոր, հետեւաբար այս երկուքին ամբողջացումը կը կարծեմ, թէ մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ղարաբաղի համար: Եւ այդ ծիրէն ներս սփիւռքը կարեւոր դեր ունի:

Հ.- Ապրիլեան դէպքերէն ետք հայկական սփիւռքը էապէս մեծցուցած է ուշադրութիւնը Արցախի նկատմամբ, միայն սփիւռքի դերակատարութիւնը բաւարա՞ր է Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ առաջընթաց արձանագրելու համար:

ԱՐԱՄ Ա.- Յաճախ ես շեշտած եմ, որ սփիւռքը իր դերակատարութիւնը պէտք է աւելիով կատարէ` ամէն իմաստով, սակայն միաժամանակ չմոռնանք, թէ Հայաստանի մէջ ալ մեծահարուստներ կան, Հայաստանի մէջ շատ աւելի մեծահարուստներ կան, քան սփիւռքի մէջ, հետեւաբար Հայաստանի մեծահարուստները առաջին հերթին իրենք բարի օրինակը պէտք է ըլլան` Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման բերելով իրենց ամբողջական նպաստը: Կ՛ակնարկեմ նիւթական նպաստի: Հայաստան, սփիւռք եւ Ղարաբաղ, բնականաբար, ես կ՛ընդունիմ որպէս մէկ ամբողջութիւն, եւ այդ մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս մենք պիտի գիտնանք ինչպէ՛ս աշխատանքի բաժանում կատարել, եւ մէկ յստակ նպատակ պէտք է ունենանք` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հզօրացումը:

Հ.- Ո՞րն է արցախեան հարցի կարգաւորման ձեր տեսլականը: Արդեօք հնարաւո՞ր է ռազմատենչ հարեւանի հետ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

ԱՐԱՄ Ա.- Բանակցութեան մէջ բանակցող պետութիւններու կամ մարմիններու ետին կամ կողքին ուրիշ ուժեր ալ կրնան ըլլալ, եւ երբեմն այդ ուժերու տեսակէտը կարեւոր դեր կրնայ ունենալ: Այս պարագային մեր դիմացը պէտք չէ տեսնել միայն Ազրպէյճանը, ուրիշ ուժեր ալ կան Ազրպէյճանի ետին, կողքին: Ճիշդ անոր համար կ՛ըսեմ` Ղարաբաղի հարցին գծով մենք երկու մօտեցում պէտք է ունենանք, երկու լեզուով պէտք է խօսինք` բանակի հզօրացումը եւ մեր դիւանագիտական, քաղաքական յարաբերութիւններու աւելի հզօրացումը: