«Մեր Նպատակը Մեծ Հայրենադարձութիւնն է», Սոչիի Մէջ Յայտարարեց Փաշինեան


ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 13ին աշխատանքային այցով մեկնած է Սոչի՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Սոչիի օդակայանէն Փաշինեան ուղեւորուած է Ատլերի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցած է այնտեղի հայ համայնքին հետ։ Փաշինեան յայտարարած է, որ «Մեր նպատակը մեծ հայրենադարձութիւնն է եւ հայութեան մարդկային, ֆինանսական, տնտեսական, հոգեւոր, գիտական ներուժը Հայաստանի մէջ կենտրոնացնելը»:

«Բոլորդ կ՛ողջունեմ եղբայրական Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ եւ կը ցանկամ ըսել, որ հպարտ եմ ձեզմով: Ողջ քաղաքական մեր գործընթացի ընթացքին զգացած եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին շունչը, աջակցութիւնը, եւ այս յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաղթանակն է, ասկէ ետք հայ ժողովուրդը պիտի ըլլայ յաղթող, հայ ժողովուրդը ի վերջոյ պիտի վերադառնայ իր հայրենիք», յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ան կոչ ըրած է Ռուսիոյ հայ եւ ռուս գործարարներուն գալու Հայաստան եւ ներդրումներ ընելու, ստեղծելու աշխատատեղեր:

«Հիմա արդէն նոր Հայաստան է, ուր իւրաքանչիւր ներդրում պաշտպանուած պիտի ըլլայ, եւ որեւէ ներդրում սպառնալիքի տակ պիտի չըլլայ: Այսօր մեր երկրի, հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը բարձր է աւելի քան երբեւէ, եւ ստեղծուած են բոլոր պայմանները, որ մենք  ապրինք ու երջանիկ ըլլանք մեր հայրենիքին մէջ։

«Կ՛ուզեմ ըսել, որ երջանիկ եմ ձեր երջանիկ աչքերը տեսնելով, հպարտ եմ ձեր հպարտ աչքերը տեսնելով, կը ծառայեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, եւ ոեւէ մէկը չկասկածի, որ մեր պայքարը ամէն անգամ, ամէն օր, ամէն շաբաթ, ամէն տարի նոր յաղթանակներ պիտի բերէ Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ Արցախին:

«Եւ ուրեմն հայ ժողովուրդը համախմբած է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ, հայ ժողովուրդը համախմբուած է հայրենիքի շուրջ եւ վճռական է, լի ներուժող` շէնցնելու, ծաղկեցնելու, հզօրացնելու Հայաստանը եւ Արցախը», ըսած է վարչապետը:

Անդրադառնալով հայ-ռուսական կապերու ապագային` ան ընդգծած է, որ «մեր կապերը պիտի ըլլան շատ աւելի ամուր, աւելի դաշնակցային եւ եղբայրական»: