Մեքսիքայի Միչոաքան Նահանգի Քոնկրեսը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող եւ Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած է


“Արմենփրես”,- Մեքսիքայի Միչոաքան նահանգի Քոնկրեսը Մայիս 7-ին ընդունած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն:

Փաստաթուղթը ներկայացուցած է կառավարող «Մորենա» կուսակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինա Փորթիլօ Այալան: Յայտարարութիւնը ընդունելէ ետք Քոնկրեսը մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտընկայս յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Փաստաթուղթի ընդունման ներկայ գտնուած է Միչոաքանի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Սահակեան:

Սա առաջին դէպքն է, երբ Մեքսիքայի մէջ օրէնսդիր մարմինի մը կողմէ կ՛ընդունուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն։