Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ Նահանգը «Սարդարապատի Մայրուղի» Ունեցաւ


Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ` Միացեալ Նահանգներո Քոլորատօ նահանգի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը վերանուանուած է «Սարդարապատի մայրուղի»:

Ապրիլ 24ին եւ 25ին կայացած նիստերու ընթքացքին Քոլորատօ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը եւ Ծերակոյտը համատեղ 18-1019 բանաձեւը ընդունած են միաձայնութեամբ:

«Քոլորատոյի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութեան «Սարդարապատ Մայրուղի» ստեղծելու այս խենթ, բայց յաջողած, նախագիծը սիրով եւ համերաշխութեամբ կը նուիրենք Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ հերոսներուն` մեր անվախ, ազատատենչ, ու խաղաղասէր ցուցարարներուն, որոնք կը կերտեն ժողովրդավար եւ արդար Հայաստան»,  ֆէյսբուքեան իր էջին մէջ գրած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Սիմոն Մաղաքեան: