Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականներ Թուրքիայէն Ներդրումները Քաշող Բանաձեւը Վաւերացնելու Կոչ Կ՛ընեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Շիֆ եւ Քալիֆորնիայէն 9 այլ քոնկրեսականներ նամակ մը յղած են Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լէոնին՝ կոչ ընելով անոր, որ ապահովէ նահանգային խորհրդարանի թիւ 1597 բանաձեւին վաւերացումը նահանգային Ծերակոյտին կողմէ։

Նամակին տակ ստորագրած են նաեւ Ճեքի Սփիր, Աննա Էշու, Զօի Լոֆկրեն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Թոնի Քարտենաս, Պրետ Շըրմըն, Ռօ Քահաննա, Սալուտ Քարպահալ եւ Ճիմ Քոսթա։

Նամակին մէջ յիշուած է նաեւ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ցոյցին մասնակիցներուն վրայ տեղի ունեցած վայրագ յարձակումը, որ նկատուած է այլախոհները լռութեան մատնելու Անգարայի ջանքերուն մէկ դրսեւորումը։

Նշենք, որ նահանգային խորհրդարանին կողմէ Յունիս 1ին վաւերացուած բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն, իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութեանց մէջ: Հիմնադրամները նաեւ պարտաւոր պիտի ըլլան ետ քաշելու անցեալին կատարած իրենց ներդրումները՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրելու որոշումին յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին: Ներկայիս, այդ ներդրումներու գումարը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար է:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց քոնկրեսականներուն այս նախաձեռնութիւնը։

«Երախտապարտ ենք քոնկրեսական Շիֆին, որ անմիջապէս ստանձնեց այս նամակը հեղինակելու ու իր պաշտօնակիցներուն աջակցութիւնը ապահովելու պարտականութիւնը, գործնականօրէն զօրակցելով թիւ 1597 բանաձեւին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նամակը ստորագրած քոնկրեսականներուն, որոնք նկատած են, թէ նման ներդրումներ խոտոր կը համեմատին նահանգին սկզբունքներուն։ Կը յուսանք, որ նահանգային Ծերակոյտը եւս կը վաւերացնէ բանաձեւը, զայն հասցնելով նահանգապետին։ Կոչ կ՛ըենքն մեր համայնքին եւ յատկապէս նահանգի պաշտօնեաներուն, որ իրենց ձայնը լսելի դարձնեն, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիան կորսնցնէ նահանգին ներդրումները շահագործելու առիթը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութիւնը եւս յայտարարութամբ մը դրուատեց այս քայլը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրեսական Շիֆին եւ անոր պաշտօնակիցներուն, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը վերջին երկու տարիներուն այս գծով յատկանշական աշխատանք տարած է եւ յաջողած է Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու բանաձեւներ վաւերացնել տալ Քալիֆորնիոյ համալսարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ։