Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Դատապարտէ Էրտողանի Բռնարարքները


(ANCA).- Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգով եւ անոր թիկնապահներուն կողմէ առաջնորդուած վայրագ յարձակումը դատապարտող թիւ 354 բանաձեւը Քոնկրեսը միաձայնութեամբ (397 թեր եւ 0 դէմ քուէով) վաւերացուց։

Յիշեցնենք, որ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Մայիս 25ին միաձայնութեամբ վաւերացուած էր:

Յարձակումը դատապարտելու եւ զայն կատարողները պատասխանատուութեան կանչելու համար պատրաստուած թիւ 354 բանաձեւը ներկայացուած էր Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի եւ դեմոկրատ ղեկավարներէն Սթենի Հոյըրի աջակցութեամբ:

Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Յունիս 6ին քննեց այս բանաձեւը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին, ողջունեց բանաձեւին քննարկումը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ եւ կոչ ըրաւ կառավարութեան, որ դիմէ հաստատ քայլերու, ինչպիսին են Թուրքիոյ դեսպանի արտաքսումը եւ Թուրքիոյ խոստացուած զէնքերու վաճառքին կասեցումը։

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ խաղաղ ցուցարարներու վրայ կատարուած այս յարձակումը ոտնակոխում մըն է ամերիկեան սկզբունքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու իրաւանց: Հոն նաեւ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ ամերիկացի քաղաքացիներ ծեծած երկու թուրք թիկնապահները, կարճ ժամանակով ձերբակալուելէ ետք՝ ազատ արձակուած են, անոնց դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան պատճառով, հակառակ անոր որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար անոնց անձեռնմխելիութիւնը քաշելու պահանջ ներկայացնել Անգարայի իշխանութեանց՝ նկատի ունենալով անոնց կատարած բռնարարքներուն տարողութիւնը:

Նաեւ, բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ այս մէկը Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ արձանագրուած առնուազն երրորդ վայրագ միջադէպն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ու կը պահանջուի պաշտօնապէս ամբաստանել եւ դատապարտել բոլոր թիկնապահները, որոնք խախտած են ամերիկեան օրէնքները:

«Այսօրուան քուէարկութեամբ, Քոնկրեսը սկսաւ Ուաշինկթընը ձերբազատելու Անգարայի բռնազաւթումէն», ըսաւ Արամ Համբարեան:

«Անընդհատ Անգարային քմայքներուն ընդառաջելէ, ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն, Թուրքիոյ տարածքին ու անկէ դուրս, արտսահամնի մէջ անոր բիրտ վարքագիծին հանդէպ կոյր ձեւանալէ ետք, Միացեալ Նահանգները, սկսելով Ներկայացուցիչներու տունէն, անկիւնադարձ մը արձանագրեց այսօր, դիմադարձելով Թուրիոյ բրտութիւններուն եւ յարաճուն հակաամերիկեան վարքագիծին», աւելցուց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան: