Միացեալ Նահանգներ Ծնած Ու Հայաստան Վերադարձած «Ծայրայեղ» Հայը


Ankakh.com- «Գրեթէ մէկ տարի է, որ կ՛ապրիմ Հայաստան, բայց կարծես երկար տարիներ ապրած եմ այստեղ: Անկեղծ ըսեմ, իմ գալէս մէկ շաբաթ առաջ քիչ մը ջղային էի, որովհետեւ կը պատրաստուէի դուրս ելլել իմ յարմարաւէտութեան շրջանակներէն եւ չէի գիտեր, թէ ինչպէս պիտի ընթանայ ամէն ինչ, սակայն ինքնավստահ էի․ գիտէի, որ ճիշտ ճանապարհի վրայ եմ…

«Այս մէկ տարուան ընթացքին ես կրցայ տուն գնել, վերանորոգել զայն, կահոյք գնել, դառնալ Հայաստանի քաղաքացի, զինուորական գրքոյկ ձեռք բերել, դրամատան հաշիւ բանալ, շրջապատ ստեղծել ու շարունակել աշխատցնել իմ առցանց գործը: Մէկ խօսքով, կարելի է ըսել, ես ամբողջովին հաստատուած եմ Հայաստան այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ: Ի հարկէ ասիկա չեմ ըսեր գլուխ գովելու համար: Պարզապէս, եթէ ինծի պէս մէկը, որ բնաւ հարուստ չէր, ընդհանրապէս ոչինչ ունէր Հայաստանի մէջ ու ընդամէնը բնագիտութիւն կը դասաւանդէր Քալիֆորնիոյ քոլեճներէն մէկու մէջ, կրցաւ կամքի ուժով տեղափոխուիլ Հայրենիք, ապա բոլորն ալ կրնան, եթէ ի հարկէ ունենան մեծ ցանկութիւն: Ես նախապէս ըսած եմ եւ նորէն կրկնեմ` Հայաստան տեղափոխուիլը առայժմ իմ կեանքի լաւագոյն որոշումն է․ միայն կ՛ափսոսամ, որ աւելի շուտ չեմ դիմած այդ քայլին: Ամէն պարագայի աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք. ամէն ինչ իր ժամանակն ունի»:

Ասիկա ֆէյսպուքեան հազուադէպ գրառում է: Հեղինակը 28-ամեայ Հայկ Նազարեանն է` ոչ յաճախ հանդիպող հայու տեսակ, որուն հետ զրոյցի ամբողջ ընթացքին անընդհատ կը զարմանամ, թէ ինչպէս կրնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած, ամերիկեան դպրոցի ու համալսարանի մէջ ուսանած եւ բազմամշակոյթ այդ միջավայրի մէջ ապրած երիտասարդը այս աստիճանի ազգային մտածողութիւն ունենալ: Բայց ինչպէս Հայկը կ՛ըսէ` ամէն ինչ կը սկսի ծննդաբանութենէն (gene) ու արիւնէն:

Քանի որ խօսք եղաւ ծննդաբանութեան մասին, քանի մը խօսքով ներկայացնեմ նաեւ Հայկին հայրը` Ռոպերտ Նազարեանի պատմութիւնը: Ան խորհրդային ժամանակաշրջանի այլախոհներէն էր. շուրջ 7 տարի բանտարկուած է եւ երբ ազատ արձակուած է` 1980-ականներուն, որոշած է հեռանալ Խորհրդային Հայաստանէն ու 1988-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: 2016-ին, երբ 28-ամեայ որդին որոշած է յետագայ կեանքը շարունակել Հայաստանի մէջ, անոր հետ շուրջ 30 տարուան բացակայութենէ ետք հայրենիք վերադարձած է նաեւ ինքը: Ռոպերտ Նազարեանի կեանքը հետաքրքրական պատմութիւն է, որուն արժէ անդրադառնալ առանձին:

Այժմ այն մասին, թէ ինչպէս Հայկը վտարուեցաւ ամերիկեան աւագ դպրոցէն, չկրցաւ յարմարիլ ամերիկեան միջավայրին, ինչպէս որոշեց ինքնուրոյն հայերէն սորվիլ ու երբ որոշեց Հայաստան տեղափոխուիլ:

Հայկը ամերիկեան դպրոցի մէջ յաճախ կ՛ընդդիմանար: Անոր հաճելի չէր այդ երկրի կրթական համակարգը: Կ՛ըսէ` Հայաստանի մէջ սխալ կարծիք ունին ամերիկեան դպրոցի մասին եւ կը փորձեն ընդօրինակել, իբրեւ թէ առաջադէմ է: «Բայց այնտեղ ձեռնավարութիւնն ու կեղծարարութիւնը շատ են, աւելի շատ քարոզչութիւն է, քան ուսում,- կ՛ըսէ Հայկը ու կ՛աւելցնէ, որ իր սորվելու տարիներուն երբեք, օրինակ, Շեքսփիր կամ Ճեք Լանտըն չեն յանձնարարած կարդալ,- փոխարէնը` կեղծ հոլոքոսթի կամ, ըսենք, սեւամորթներուն ճնշելու պատմութիւններ, մէկ խօսքով` միայն հրէական քարոզչութիւն, որուն ես դէմ էի»:

Դպրոցին մէջ միակ առարկան, որու հետ կապուած առարկութիւններ չունէր ու շատ լաւ կը սորվէր, ուսողութիւնն էր: «Կը սորվէի, որովհետեւ միակ առարկան էր, որ հնարաւոր չէր կեղծել»,- կը ծիծաղի ան:

Ի վերջոյ, 16 տարեկանին Հայկը աւագ դպրոցէն կը հեռացնեն, քանի որ դասերուն լուրջ չէր վերաբերեր, չէր կարդար դպրոցի յանձնարարած գիրքերը: Փոխարէնը տունը կը կարդար իր նախընտրած գիրքերը: Դպրոցէն դուրս կու գայ, կը սկսի աշխատելու: Սակայն 3 տարի անց, այնուամենայնիւ, կ՛որոշէ կրթութիւնը շարունակել եւ կ՛ընդունուի Կլանտէյլի քոլեճ` ընտրելով բնագիտութեան ուղղութիւնը: Յետոյ կ՛ընդունուի Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունք: Երբ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից վկայական, կ՛որոշէ ինքնիրեն նուէր մատուցել եւ առաջին անգամ կու գայ Հայաստան պտոյտի:

2013 թուականն էր, 6 շաբաթով եկած էր: Քանի որ բարեկամներ ու ազգականներ չունէր, կը խնդրէ, որ հայաստանցի ընկերներէն մէկը իր համար վարձով բնակարան գտնէ: «Ընկերս բնակարան գտաւ Գարեգին Նժդեհի հրապարակի մօտ, ես ալ մտածեցի` երեւի լաւ տեղ է, որ անունը Գարեգին Նժդեհ է: Եկայ, լրիւ ուրիշ բան դուրս եկաւ»,- արդէն ծիծաղելով կը յիշէ ան։

Վեց շաբաթուան ընթացքին Հայկը կը հասցնէ ըլլալ ոչ միայն Հայաստանի տեսարժան վայրերը, այլեւ Արցախ այցելել: Տպաւորուած ու Հայաստան տեղափոխուելու միտքը ամրապնդած` կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ:

2015-ին, երբ կը ստանայ համալսարանի մագիստրոսի վկայական եւ աշխատանքի կ՛անցնի քոլեճի մէջ իբրեւ բնագիտութեան ուսուցիչ, կը սկսի աւելի լրջօրէն մտածելու Հայաստան տեղափոխուելու մասին, քանի որ կը զգար, որ չունի այն, ինչ իրականութեան մէջ կ՛ուզէ, եւ Հայաստան տեղափոխուելու միտքը կը դառնայ յստակ որոշում: 2016-ի ապրիլեան դէպքերէն ետք օր առաջ կ՛ուզէր հասնիլ Հայաստան: 2016-ի նոյեմբերին արդէն Հայաստան էր:

Եկած օրուընէ Հայկը մէկ նպատակ կը հետապնդէ` իբրեւ պայմանագրային զինծառայող ծառայութեան անցնել Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ: «Քանի որ Հայաստան կ՛ապրիմ, պիտի ծառայեմ: Երբ ինծի հարցնեն` ծառայա՞ծ ես, իմ պատասխանը պէտք է ըլլայ` այո: Պէտք է ծառայեն բոլորը, որոնց մէջ նաեւ ղեկավարները, որովհետեւ ղեկավարը պէտք է նաեւ առաջնորդ ըլլայ, ոչ միայն ղեկավար, ու պիտի օրինակ ծառայէ միւսներուն համար: Ես ալ իմ հերթին կ՛ուզեմ օրինակ ծառայել Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենասէր հայերուն համար, ոգեւորել զանոնք: Ես չեմ գիտեր` ուրիշ մէկը եկա՞ծ է Սփիւռքէն, որ յատուկ ծառայութեան անցնի բանակին մէջ: Յամենայն դէպս, ինչ-որ մէկը պէտք է առաջին քայլը ընէ, ինչո՞ւ առաջինը ես չըլլամ»:

Ի դէպ, Հայկը որոշած է ծառայել սահմանին վրայ. եթէ կամաւոր եկած է ծառայելու, պիտի ամենաբարդ պայմաններու մէջ ծառայութիւնը անցնի:

Հայրենասիրութեան մասին 28-ամեայ երիտասարդի պատկերացումները յստակ են, ինչպէս իր սիրած առարկան` ուսողութիւնը, որ կ՛ենթադրէ միայն ապացոյցներ:

«Ինծի համար հայը ան է, որ Հայաստանի մէջ կ՛ապրի ու հայերէն կը խօսի: Ես երկու ընտրութիւն ունէի. առաջինը` մնալ Ամերիկա ու ձուլուիլ, դառնալ ամերիկացի, ինչ որ բնականոն երեւոյթ է, երկրորդը` Հայաստան գալ ու հայ մնալ: Ես ընտրեցի երկրորդ տարբերակը»:

Հայկը չ՛ընդունիր նաեւ Հայաստանի հասցէին դուրսէն հնչող քննադատութիւնները. «Սփիւռքի մէջ դրօշակ ծածանող կեղծ հայրենասէրները պէտք է իրենց մեծ բերանները փակեն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վերաբերեալ, նամանաւանդ, եթէ նպատակ չունին մշտական բնակութեան նպատակով վերադառնալ հայրենիք: Համոզուած եմ, որ եթէ այժմեան իշխանութիւնը հեռանայ, ինչպէս շատերը Սփիւռքի մէջ կը պահանջեն, եւ ամենալաւ կառավարութիւնը գայ, Յիսուս Քրիստոսն ալ դառնայ նախագահ, մեծամասնութիւնը դարձեալ պիտի չվերադառնայ Հայաստան»:

Ծնած ըլլալով ու ապրելով Միացեալ Նահանգներու մէջ` Հայկը եկած է այն եզրակացութեան, որ փտածութիւնը ամէն տեղ կայ, իսկ ամենափտածը Ուաշինկթընի կառավարութիւնն է: Առհասարակ Ամերիկայի մասին անոր պատկերացումները քիչ մը դուրս են օրինաչափ ընկալումներէ: Օրինակ, ան կը կարծէ, որ Ամերիկան ազատութիւն կը քարոզէ, բայց ազատութեան ամենամեծ թշնամին է:

Հայկը պաշտամունքային վերաբերմունք ունի հայոց լեզուի նկատմամբ: Դեռ 17 տարեկան էր, երբ որոշեց ինքնակամ զարգացնել մայրենին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընդամէնը կենցաղային-խօսակցական մակարդակի վրայ էր: Հիմա ալ Հայաստանի մէջ կը շարունակէ կատարելագործել: Կ՛ըսէ` պէտք է իտէալական տիրապետէ թէ՛ խօսակցականին, թէ՛ գրաւորին: Թէեւ Հայկը շատ աւելի գրագէտ հայերէն կը խօսի ու կը գրէ, քան Հայաստանի մէջ ծնած-մեծցածներէն շատերը:

Անոր ֆէյսպուքեան էջին մէջ յաճախ կարելի է տեսնել լեզուի մասին գրառումներ, օրինակ` մէջբերում Ղազարոս Աղայեանէն. «Բաւական չէ ազգասէր ու հայրենասէր լինել, պէտք է մի քիչ էլ լեզուասէր լինել»:

Հայկը կը կարծէ, որ լեզուն մեր մշակոյթի հիմնաքարն է, որ պէտք է զերծ պահել օտար բառերէ, ինչպէս արիւնը` օտար ծննդականներէ եւ հողը` օտար թշնամիներէ: «Ես ալ մէկ այլ ծայրայեղութիւն եմ,- կ՛ըսէ,- եթէ հայ եմ, պիտի կիսատ-պռատ հայ չըլլամ, պիտի լիարժէք հայ ըլլամ»: