Միացեալ Նահանգներ Շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը


Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալէ սերտ համագործակցիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան եւ ժողովուրդի հետ, ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մայիս 9-ի յայտարարութեան մէջ.

«Միացեալ Նահանգներ կը շնորհաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը որպէս Հայաստանի նոր վարչապետ: Կ՛ակնկալենք սերտ համագործակցիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան ու ժողովուրդի հետ մեր երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահաւէտ բազմաթիւ ոլորտներու, որոնց շարքին՝ առեւտուրի, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան աջակցութեան եւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ»: