Միջազգային Իրաւունքի Մասնագէտը կը Հաստատէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը


Յարութ Սասունեան


2018 Փետրուար 27ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային քննարկում՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ: Զայն կազմակերպած էին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Միշել Ռիվազին (Կանաչներ/ԵԱԴ) եւ Լարս Ատագդուսոնը (ԵԺԿ), Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի, Թուֆենկեան հիմնադրամի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հետ համատեղ:

Հանրային քննարկման բանախօսներն էին` ՄԱԿի ժողովրդավարական եւ արդար միջազգային կարգի աջակցութեան հարցերով անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրէտ տէ Զայաս, Իրաւունքի ամերիկեան համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, Միջազգային հանրային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան խումբի համահիմնադիր դոկտոր Փոլ Ուիլեըմս, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերկէյ Մարգետոնով, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ համադրող, Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի խորհուրդի անդամ Կիրօ Մանոյեան:

Փրոֆէսօր Ալֆրէտ տէ Զայաս իր իրաւական փաստարկ սկսաւ` Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի եւ Տնտեսական, հասարակական ու մշակութային իրաւունքներու մասին դաշնագիրին մէջբերումով, որ կը սահմանէ` «բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք»:

Միջազգային իրաւունքի փորձագէտ տէ Զայաս ընդգծած է նաեւ, որ համաձայն ՄԱԿի երկու պայմանագիրներուն, «ինքնորոշման իրաւունքի կրողներ են Դաշնագիրի մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնց ոչ միայն արգիլուած է խոչընդոտել իրաւունքի կիրառման, այլեւ պիտի աշխուժօրէն «նպաստեն» անոր իրականացման…. Անոնք ոչ միայն պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը, այլեւ իրականացնեն զայն: Աւելին, ժամանակակից միջազգային իրաւունքի մէջ ինքնորոշումը erga omnes (բոլորին նկատմամբ) պարտաւորութիւն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բազմաթիւ յօդուածներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Գլխաւոր ասամպլէայի անթիւ բանաձեւերու մէջ: Ժողովուրդներու լիազօրութիւնը` օգտուելու մարդու իրաւունքներէն առանց խտրականութեան եւ իրականացնելու որոշակի աստիճանի ինքնիշխանութիւն, խիստ կարեւոր է ազգային եւ միջազգային կայունութեան համար: Այլապէս, մեծ է հակամարտութեան հաւանականութիւնը»:

Յատկանշական է, որ փրոֆ. տէ Զայասը շեշտեց` «Թէեւ ինքնորոշումը ի յայտ եկած է իբրեւ jus cogens (պարտադիր օրէնք) իրաւունք, որ գերակայ է միջազգային իրաւունքի այլ սկզբունքներու նկատմամբ, ներառեալ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն անիկա ինքնստինքեան չի կիրառուիր»: Փրոֆ. տէ Զայասը «ինքնորոշման օրինական յաւակնորդներ»-ուն մէջ նշեց քիւրտերը, սահարաւիները, պաղեստինցիները, քաշմիրները, Պիաֆրայի իկպոները եւ Սրի Լանքայի թամիլները: Ան, իբրեւ օրինակ, նշեց նաեւ «Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ռուս-ուքրանական կազմաւորումները, Բրետնեսդրովիան (Մերձտնեսդրի Մոլտովական Հանրապետութիւն), Արցախի Հանրապետութիւնը, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսիան… ժողովուրդներ, որոնք ինքնորոշման հասած են իրական անջատման միջոցով պետական միաւորներէ, որոնց հետ մինչ այդ կապուած էին, սակայն անոնց միջազգային կարգավիճակը կը մնայ անորոշ` մեծ տէրութիւններու միջեւ քաղաքական վէճերու եւ հետեւաբար միջազգային ճանաչման բացակայութեան պատճառով»:

Փրոֆէսօր տէ Զայաս աւելցուց, որ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդները «Մարդու իրաւունքներու միջազգային պայմանագրերու լիակատար պաշտպանութեան իրաւունք ունին: Փակուղիէն կարելի է ելլել միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, քանի որ ինքնորոշման դէմ զինուած ուժի կիրառումը կրնայ խախտել բազմաթիւ միջազգային պայմանագրեր, ներառեալ`ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Մարդու իրաւունքներու դաշնագիրները եւ Ժընեւի Կարմիր խաչի համաձայնագրերը»:

Տէ Զայաս կը պնդէ, որ «եթէ անջատման անյետաձգելի պահանջք կայ, ամենակարեւորը` պէտք է խուսափիլ ուժի կիրառումէն, որ կը վտանգէ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը, եւ աւելի կը վատթարացնէ մարդու այլ իրաւունքներէ օգտուելու իրաւունքը»: Նաեւ, «ինքնորոշման իրականացումը չի վերաբերիր միայն շահագրգիռ պետութեան ներքին իրաւասութեան շրջանակներուն, այլ կը հանդիսանայ միջազգային հանրութեան օրինական մտահոգութիւն»:

Փրոֆէսօր տէ Զայաս բացատրեց, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը  գործէ միայն արտաքին յարձակման պարագային. «սկզբունքը նախատեսուած չէ ներքին կիրառման համար, քանի որ ատիկա ինքնաբերաբար կը վերացնէ ինքնորոշման jus cogens (պարտադիր օրէնք) իրաւունքը: Ինքնորոշման իրաւունքի ամէն մէկ փորձ, որ կը յանգեցնէ անջատման, կ՝առաջացնէ նախորդ պետական ​​միաւորի տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութիւն: Բազմաթիւ նման նախադէպեր կան»:

Փրոֆեսորին կարծիքով, պէտք չէ խտրականութիւն ըլլայ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդներու միջեւ. «նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ նախկին Հարաւսլաւիոյ ժողովուրդներու անջատումը կարեւոր նախադէպեր կը ստեղծեն ինքնորոշման իրագործման համար: Այս նախադէպերը չեն կրնար անտեսուիլ ժամանակակից ինքնորոշման ծագող վէճերուն պարագային: Հնարաւոր չէ «այո» ըսել Էսթոնիայի, Լաթվիայի, Լիթվիայի, Սլովենիոյ, Խորուաթիայի, Պոսնիոյ եւ Հերցեգովինայի, Քոսովոյի ինքնորոշման, այնուհետեւ «ոչ» ըսել Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիայի կամ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներու ինքնորոշման: Այս բոլոր ժողովուրդները ունին մարդու միեւնոյն իրաւունքները եւ պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուին: Ինչպէս յաջող յաւակնորդներու պարագային, այս ժողովուրդները եւս միակողմանիօրէն անկախութիւն հռչակած են: Ընդհանրապէս որեւէ արդարացում չկայ անոնց մերժելու` ընտրողաբար կիրառելով ինքնորոշման իրաւունքը եւ մակերեսային զանազանումներ ընելով, որոնք անօրինական են կամ անարդար»:

Անոնց համար, որոնք կը զուգադրեն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը ինքնորոշման սկզբունքին հետ, ան հակադարձեց. «Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հիմնաւոր արդարացում չէ ներքին հակամարտութիւններու յաւէրժացման համար, որ կրնայ խորանալ եւ վերաճիլ քաղաքացիական պատերազմի, ատով իսկ սպառնալով տարածաշրջանային ու միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան»:

Աւարտին, տէ Զայաս առաջարկեց, որ «21րդ դարուն կայուն ներքին եւ արտաքին խաղաղութեան ապահովման համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձագանգի վաղ ահազանգման նշաններուն եւ ստեղծէ հակամարտութիւններու կանխարգիլման կառուցակազմեր: Ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան աջակցութիւնը եւ ժամանակին հանրաքուէի կազմակերպումը` ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացման միջոցներն են: Բոլոր շահագրգիռ կողմերու ներգրաւումը պէտք է պարտադիր ըլլայ, ո՛չ թէ բացառութիւն: Եզրափակելով, թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ իսկապէս` ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»: