Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Դրան Վերադարձը


Ռուբէն Շուխեան դիմատերտրի իր էջին վրայ կը գրէ․

Ուրախալի լուր ստացանք Նիւ Եորքէն. «Մեթրոփոլիթէն» թանգարանին մէջ օրեր առաջ բացուած «Արմէնիա» խորագիրով ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի 13րդ դարու փայտեայ դուռը, որ փաստօրէն 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամ հասանելի կը դառնայ լայն հանրութեան:

Մուշի հռչակաւոր Սուրբ Կարապետ վանքը դարեր շարունակ հայ գրչութեան, կրթութեան եւ մշակութային կեդրոն եղած է եւ փաստացի հանդիսացած է Հայաստանի երկրորդ հոգեւոր կեդրոնը` Էջմիածինէն ետք: 1915ի Մեծ Եղեռնէն ետք վանքը թալանուած եւ հիմնայատակ աւերուած է, հրաշքով փրկուած է միայն անոր դուռը, որու ոդիսականի մասին մենք բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած ենք:

1212 թուականին հայ վարպետներու կողմէ ստեղծուած Մշոյ Սուրբ Կարապետի երկփեղկանի փայտեայ դուռը հայ միջնադարեան կիրառական արուեստի գլուխգործոցը կը համարուի: Ներկայիս անիկա կը պահուի Գանատայի մէջ` փակ մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ: Անհաւանական  եւ արկածային ֆիլմի նման է այդ դրան յայտնաբերման պատմութիւնը, որու մասին իր յուշապատումին մէջ մանրամասն նկարագրած է ճարտարապետութեան դոկտոր, երջանկայիշատակ Արմէն Հախնազարեան: Այդ յուշապատումը տպագրուած էր «Գարուն» ամսագրին մէջ 1997ին:

Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դուռը 1976ին 5000 գերմանական մարքով գնած եւ իր տան մէջ գաղտնի կերպով պահած էր Պոլիս բնակող Արմէն Հախնազարեանի մտերիմ ծանօթը` գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը: Դուռը ձեք բերելու հարցով Ռիխթըրին կ՛օգնէ իր թուրք հարեւանը` պաշտօնաթող բարձրաստիճան մի զինուորական մը: Այդ զինուորականը ալ, իր հերթին, ատկէ ամիսներ առաջ հանգամանքներու բերումով գտնուելով Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ նահանգի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ, իրեն հիւրընկալած գիւղապետի տան մառանին մէջ անսպասելիօրէն կը յայտնաբերէ այդ հին դուռը եւ զայն կը տեղափոխէ  Պոլիս: Ռիխթըրի հրաւէրով Արմէն Հախնազարեան կու գայ Պոլիս եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէ ետք կը հաստատէ, որ ձեռք բերուածը իրօք անգին գանձ է` Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դուռն է: Այսքանէն ետք, սակայն, կ՛առաջանայ անլուծելի թուացող խնդիր մը. դուռը ինչպէ՞ս հանել Թուրքիայէն:

Այդ հարցով Արմէն Հախնազարեան կը դիմէ իր մէկ այլ ծանօթի` Անգարայի մէջ գերմանական դեսպանատան մշակութային կցորդ դոկտոր Ցինզըրին: Ռիխթըր դուռը կրնայ հասցնել Անգարա, ուրկէ Ցինզըր, որպէս դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեայ, իր անձնական ապրանքներուն հաշուին զայն կը փոխադրէ Գերմանիա: Այդպիսով` դուռը կը հանգրուանէ Ֆրանքֆուրթի արհեստանոցի մը մէջ: Սակայն դրան հետ կապուած նորէն կ՛առաջանան անյաղթահարելի բարդութիւններ: Տեղի կ՛ունենայ անսպասելին. Պոլսոյ մէջ կեղծ մեղադրանքներու հիման վրայ Ռիխթըր կը բանտարկուի եւ կը մահանայ բանտին մէջ` սրտի տագնապէ: Անոր մահէն ետք Հախնազարեան Գերմանիոյ մէջ կը հանդիպի անոր այրիին եւ կը տեղեկանայ, որ տիկին Ռիխթըր կը պատրաստուի վաճառելու դուռը, քանի որ ֆինանսական դժուարութիւններ ունէր:

Արմէն Հախնազարեան կը պատմէ. «Այդ օրուընէ տարիներ անցան, բայց ես միշտ տարբեր առիթներով կը փնռտէի մէկը, որ դուռը գնէ եւ փոխադրէ այնտեղ, ուր իր միակ արդար տունն է` Հայաստան: Ինծի մտերիմ եւ բարեկամ անձնաւորութիւն մը ժամանակին հետաքրքրուեցաւ, սակայն խորհրդատուի մը սխալ միջնորդութիւնը խանգարեց, ուղիղ նպատակէն շեղեց, եւ տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն տարուած գործը մնաց ապարդիւն եւ ձախողեցաւ: Անցեալ տարի` 1996ի աշնան, Լոնտոնի մէջ աճուրդի դրուեցաւ բուռ մը հայոց պատմութիւն, եւ մուրճի հարուածով Մշոյ սուլթան սուրբ Կարապետի դուռը վաճառուեցաւ անյայտ օտարի մը: Հեռախօսով կը լսեմ Մեսրոպ արք. Աշճեանի յուսախաբ ձայնը. «Շատ նեղուած եմ, Արմէն, մերինները զգուշացուցի, անոնք այնտեղ էին եւ ոչինչ ըրին: Դուռը ոչ հայ մէկը գնեց, չենք գիտենք` ով…»:

Այդպէս, 1996ին, ատկէ 20 տարի առաջ հրաշքով յայտնաբերուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դուռը Լոնտոնի մէջ կը դրուի աճուրդի եւ ընդամէնը 50 հազար տոլարով կը գնուի անյայտ անձի մը կողմէ, յայտնի էր միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ահա զարմանալի այս պատմութիւնը հիմա այսպիսի անակնկալ եւ ուրախալի զարգացում մը ունեցած է` «Արմէնիա» ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կրցած են կապ հաստատել Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի պատմական դրան սեփականատիրոջ հետ եւ Արեւմտեան Հայաստանի այդ բացառիկ մասունքը լայն հանրութեան ներկայացնել Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» թանգարանին մէջ: