Մոնթրէալի մէջ Կը Գումարուի ՀՕՄի Համահայկական Պատգամաւորական 72-րդ ժողովը


                  ՀՕՄի 72-րդ պատգամաւորական ժողովի նիստէն պատկեր մը

Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 72-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին 26 երկիրներէ ընտրուած ՀՕՄ-ի կառոյցներու պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դիտորդներ:

Ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգով ճշդուած կազմակերպական, վարչական, ներքին եւ հանրային յարաբերութեանց, ՀՕՄի միաւորներու եւ քարոզչութեան մարզերու վերաբերող հարցեր:

Պիտի քննարկուին նաեւ ՀՕՄի համահայկական բնոյթի ծրագիրներ՝ որբերու խնամակալութեան, պատանիներու փոխանակումի, ՄԱԿի աշխատանիստերու, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու, Ջաւախքի հայութեան իրավիճակին հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, մեկուսի մասնաճիւղերէն ու պատգամաւոր ընկերուհիներէն ներկայացուած առաջարկներ։