Մուշի Պատմական Սուրբ Մարինէ Եկեղեցին՝ Կործանման Եզրին


Մուշի Սուրբ Մարինէ եկեղեցին՝ կիսափուլ վիճակի մէջ

“Էրմէնիհապեր”,- Մուշի պատմական եւ Տարօն աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ հայկական եկեղեցին համարուող Սուրբ Մարինէն կործանման եզրին է։ Մուշի հին թաղամասերէն` Սուրբ Մարինէ կամ Հայկական թաղամասին մէջ (այժմ` Քալէ-բերդի թաղ) գտնուող եկեղեցւոյ մեծ մասը քանդուած է, իսկ տանիքը չկայ: Հակառակ այդ ամէնուն` գանձագողերը կը շարունակեն եկեղեցւոյ պատերը փորել ոսկի գտնելու մոլուցքով:

Եկեղեցին Մուշի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան կայքին մէջ ներառուած է պետութեան կողմէ պաշտպանուող տարածքներու ցանկին մէջ:

Ս․ Մարինէ եկեղեցին եւ շրջակայքը գտնուող հին տուները 2012-ին Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով առնուած են «Քաղաքաշինութեան» ծրագրին մէջ, որով հայկական թաղամասի հին տուները եւ եկեղեցին պիտի քանդուէին ու անոնց տեղը նոր շէնքեր պիտի կառուցուէին:  

2013-ին սկսաւ քաղաքաշինութեան ծրագիրը։ Թաղամասի բնակիչներուն մէկ մասին հետ Մուշի քաղաքապետարանը կրցաւ համաձայնիլ, իսկ միւս բնակիչներուն դէմ ըլլալուն պատճառով խնդիրը փորձեց լուծել տուները հանրային գերակայ շահ ճանչնալով: Արդիւնքով դատարանը հին տուները ճանչցաւ հանրային գերակայ շահ ու անոնք քանդուեցան պետութեան կողմէ, սակայն եկեղեցին հնարաւոր եղաւ փրկել:

Հակընդդէմ հայցին պատճառով՝ դատարանը որոշեց արգիլել եկեղեցւոյ տարածքին մէջ որեւէ շինարարական աշխատանք իրականացնելը:

1915-ին Սուրբ Մարինէ եկեղեցին թուրքերը վերածած են բանտի` հայ ֆետայիները ձերբակալելով եւ բանտարկելով այնտեղ: Յետագային եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը դարձած են աղբանոց:

Մուշի Սուրբ Մարինէ եկեղեցւոյ նեկրայ վիճակը