Մուսա Լերան Հերոսամարտէն Նոր Լուսանկարներ Յատնաբերուած Են


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով յայտնաբերուած են մինչ օրս անյայտ շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկար` Մուսա Լերան հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերուն միջոցով տարհանելու տեսարաններով: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։

Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են 1915 Սեպտեմբերին, ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:

Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին 2018 Ապրիլին: