Մուսա Լերան Վագըֆ Գիւղին Մէջ Նշուած է Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի Օրը


“Նիուզ”․- Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Օգոստոս 13ին, նշած են Աստուածամօր Վերափոխման տօնը եւ Խաղողօրհնէքը:

Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած՝ Օգոստոս 12ի երեկոյէն սկսած, մեծ կաթսաներով եփած են աւանդական հարիսան: Միեւնոյն ժամանակ, մինչեւ կէսգիշեր, ներկայ եւ նախկին մուսալեռցիներն ու աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայերը՝ երգած ու պարած են հայկական երաժշտութեան ներքոյ:

Իսկ Օգոստոս 13ի առաւօտեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ, արք․ Գարեգին Պէքճեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնին նուիրուած պատարագ եւ Խաղողօրհնէք: Աւելի ուշ, արք. Պէքճեանի օրհնութենէն ետք, հաւաքուածներուն բաժնուած է օրհնուած հարիսան: