Մուսա Լերան Վերջին «Մոհիկանները». Ամերիկեան Հայեացք՝ Թուրքիոյ Հայկական Գիւղին Մասին


Ամերիկեան պարբերականը պատմած է այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մասին, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, շուտով կրնայ վերանալ:

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը՝ Վագըֆլըն, հետաքրքրած է «The Daily Beast» ամերիկեան լրատուական եւ վերլուծական կայքը:

Պարբերականի թղթակից Քրիսթեն Մակտիգ, որ յաջողած է այցելել այնտեղ, իր պատմութիւնը կը սկսի 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ Մուսա Լերան հերոսական պաշտպանութենէն:

«Վեց գիւղերու բնակիչներու յաջող դիմադրութենէն աւելի քան 100 տարի անց՝ Վագըֆլըն այժմեան Թուրքիոյ մէջ պահպանուած վերջին հայկական գիւղն է: Գիւղը, որուն բնակչութիւնը կը կրճատուի, զբօսաշրջիկները կը գրաւէ շրջակայ լեռներուն եւ Միջերկրական Ծովուն վրայ բացուող հիանալի տեսարաններով, բարդ պատմութեամբ եւ անհետացումէն առաջ իր մշակոյթին հաղորդակցելու հնարաւորութեամբ», կը գրէ ան:

Գեղատեսիլ գիւղը Մուսա Լերան լանջին է՝ Թուրքիոյ Հաթայ հարաւային նահանգին մէջ, Սուրիոյ սահմանէն ոչ հեռու: Հեղինակը կը նկարագրէ վառ վարդագոյն եւ ալ վարդերը, որոնք կը զարդարեն հին քարէ տուներուն այգիները:

«Եթէ նայիք արեւմուտք՝ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս փարթամ կանաչ բլուրները կ՝երկարին դէպի ծով», կը նկատէ ան:

Այս գիւղին մէջ կայ առաւելապէս միջին եւ աւագ տարիքի 135 բնակիչ: 1915ին օսմանեան բանակին դիմադրութիւն ցոյց տուած հայերուն յետնորդներն են: 1915ին, 53 օր շարունակ, հերոսաբար պաշտպանուած են, մինչեւ հասած են ֆրանսական նաւերը:

«Այդ փոքրիկ եւ խաղաղ գիւղին իւրաքանչիւր անկիւնը լի է անցեալով», կը նշէ ան:

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Հաթայը՝ վեց հայկական գիւղերու հետ միասին՝ դուրս եկած է ֆրանսական Սուրիոյ կազմէն: Այդ ժամանակ հայերը վերադարձած են այն գիւղերը, ուր ապրած են: Բայց 1939ի հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք՝ Հաթայը յանձնուած է Թուրքիոյ, որուն պատճառով Հաթայի հինգ հազար բնակիչները լքած են իրենց հայրենի հողերը եւ տեղափոխուած Լիբանան՝ այնտեղ հիմնելով Այնճար քաղաքը:

Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ հայերու սխրանքին նուիրուած է աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ Լերան 40 Օրը» վէպը:

«Այդ գիրքը Հոլոքոսթի ժամանակ ոգեշնչման աղբիւր դարձած է եւրոպացի հրեաներու համար», կը նշէ ան:

Վագըֆլը կատարած ուղեւորութեան ժամանակ՝ Քրիսթեն Մակտիգ զրուցած է նաեւ տեղի բնակիչներու հետ, որոնք պատմած են իրենց ընտանիքներուն փրկութեան պատմութիւնը: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ այստեղ չեն սիրեր խօսիլ կոտորածի մասին. չափազանց ցաւոտ են յիշողութիւնները:

Հեղինակին խօսքով՝ հրապարակէն ոչ հեռու կը գտնուի 1910ի եկեղեցին, որ վերականգնուած է եւ օծուած 1997ին:

«Այստեղ մշտական վանահայր չկայ: Իւրաքանչիւր երկու շաբաթը մէկ, հայր Աւետիսը կու գայ այստեղ Իսքենտերունէն (Ալեքսանտրէթ՝ մեծ քաղաք Հաթայի նահանգին մէջ): Իսկ վանքին ետեւի կողմը կը գտնուի գերեզմանատունը, տապանաքարերու վրայ գրուած են վերջին երկու հարիւրամեակներուն գիւղին մէջ ապրած մարդոց անունները, որոնք գիւղի բուռն պատմութեան ականատեսները եղած են», կը գրէ Մակտիգը:

Անոր խօսքով՝ պատմաբանները շատոնց եկած են այն կարծիքին, որ զանգուածային արտաքսումն ու հայերու կոտորածը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, սակայն Թուրքիան մինչ օրս կը հերքէ այդ փաստը:

«Երկրին մէջ, ուր 1915ի դէպքերու նկարագրութեան համար «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելը հետապնդումներու կը յանգեցնէ, աւանդոյթներու պահպանութիւնը միշտ չէ, որ դիւրին տրուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ փոքրամասնութիւններուն», կը նշէ ամերիկացի լրագրողը:

Մակտիգ նաեւ կ՝աւելցնէ, որ 1939ին բնակիչներուն ստիպած են փոխել իրենց հայկական ազգանունները: Բացի այդ, փակուած է միակ հայկական դպրոցը, եւ անոնք ստիպուած եղած են իրենց զաւակները ուսանելու ուղարկել Պոլիս: Անոր խօսքով՝ Վագըֆլըի համար ամենամեծ վտանգը գաղթն է: Հասարակական-տնտեսական ծանր դրութիւնը կը ստիպէ բնակիչները մեծ քաղաքներ տեղափոխուելու: Իսկ տղամարդոց թիւը զգալիօրէն կը գերազանցէ կանանց թիւը, քանի որ վերջիններս յաճախ կ՝ամուսնանան ուրիշ գիւղերու երիտասարդներու հետ:

«Փառատօնները, որոնք կ՝իրականացուին գարնան ու ամրան, ներառեալ՝ Օգոստոսին՝ խաղողօրհնէքի տօնը, կը գրաւեն մեծ մաս զբօսաշրջիկները», կը գրէ յօդուածին հեղինակը:

Ան կը մէջբերէ պոլսեցի զբօսաշրջիկ, ճարտարապետ Թայֆուն Թուրքմէնի խօսքերը, որ նստած է Վագըֆլըի կեդրոնը գտնուող սրճարանը՝ իր մօր եւ քրոջ հետ. «Այստեղ շատ տարբեր համեր եւ հարուստ մշակոյթ կայ: Կը փափաքէինք ծանօթանալ նաեւ քիւրտերու մշակոյթին, բայց շատ տեղեր անվտանգ չեն: Իսկ այստեղ մենք անվտանգութեան մէջ ենք»: Ան արդէն երկրորդ տարին է՝ կ՝այցելէ այստեղ:

Քրիսթեն Մակտիգ կը նշէ, որ Վագըֆլըի բնակիչները կը պայքարին իրենց գիւղը, մշակոյթն ու աւանդոյթները պահպանելու համար: Շուտով կը նախատեսուի այստեղ թանգարան բանալ:

Յօդուածի աւարտին հեղինակը կը մէջբերէ գիւղի բնակիչներէն մէկուն՝ Սեմ Կապարի խօսքերը. «Շատ կը տխրիմ, երբ կը մտածեմ, որ մեր գիւղը պիտի վերանայ, բայց մենք լաւատես ենք: Մենք գիտենք անցեալը, կը յիշենք զայն, բայց կ՝ապրինք այս օրով եւ կը պաշտպանենք մեր ապագան»: