Յաջորդ «Օրորա»ն Տեղի Պիտի Ունենայ 2018ի Յունիս 8էն 10


«Մեդիամաքս»․- «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ամէնամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018ի Յունիս 8էն 10, Հայաստանի մէջ:

«Ուրախ ենք, որ հանրութեան կ՛իրազեկենք աշխարհի զանազան վայրերու մէջ մարդոց դէմ իրականացուող վայրագութիւններու մասին՝ պարգեւատրելով անոնց, որոնք շարունակ կը պայքարին այդ հարցերուն դէմ՝ վտանգելով իրենց կեանքը», ըսած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

«Հայաստանը, որ յառաջընթաց ապրած է՝ հակառակ անցեալի տառապանքներուն, կը յաւակնի դառնալ մարդասիրական գաղափարներու, քննարկումներու եւ գործունէութեան համաշխարհային կեդրոն: Եկող տարի եւս իրականացնելով այս կարեւոր ձեռնարկները՝ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը ձգտի շարունակել գործով արտայայտելու երախտագիտութիւնը՝ աջակցելով կարիքի մէջ գտնուողներուն», նշած է ան:

2018ի ձեռնարկներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան Aurora Dialogues քննարկումները, որոնք միջազգային հարթակ են գիտնականներու եւ փորձագէտներու համար՝ ուսումնասիրելու եւ քննարկելու մարդասիրական մարտահրաւէրները:

Համաժողովը պիտի ձգտի բացայայտելու խնդիրները, վերլուծելու անցեալի դասերը եւ խրախուսելու նորարարական գործունէութիւնը ներկայիս՝ ապագան աւելի լաւ դարձնելու նպատակով:

2018ի Aurora Dialogues քննարկումներու եւ «Օրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը եւ լրացուցիչ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ ամիսներուն www.auroraprize.com կայքին վրայ:

2018ի «Օրորա» մրցանակին համար առաջադրումներ կարելի է կատարել մինչեւ Սեպտեմբեր 8՝  https://auroraprize.com/hy/prize/detail/nominatenow կայքէջին միջոցաւ: