«Յոյսս է՝ Երիտասարդութեան Մէջ Տարածուի Արեւմտահայերէնի Նկատմամբ Գուրգուրանքն Ու Անոր Յարատեւութիւնը Ապահովելու Կարեւորութեան Գիտակցութիւնը»․ Վիգէն Թիւֆէնքճեան


«Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի մասնակիցները կը լսեն Վարդի Դանիէլեանի դասախօսութիւնը

11 Յունուար 2020-ին, Մոնթրէալի մէջ, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ սկիզբ առաւ երկամեայ «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքը, որուն նպատակն է հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներուն մէջ ամրապնդել եւ զարգացնել հայերէն լեզուի իմացութիւնը, ի մասնաւորի արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ գրականութիւնը։

Դասընթացքի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Թորոնթոհայ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ hայերէնագիտական դասընթացքի ղեկավար, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի հետ։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Հարցում- Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս ծնունդ առաւ Մոնթրէալի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, ձեր ղեկավարութիւնը վայելող hայերէնագիտական դասընթացք մը հիմնելու գաղափարը։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Պատասխան- Նախ հաստատեմ, որ Համազգայինի հիմնադրութեան օրէն իսկ, կրթական գործունէութեան ծաւալումը մաս կազմած է միութեան բազմաճիւղ առաքելութեան։ Բացի Համազգայինի հովանիին տակ գործող երեք ճեմարաններէն՝  Պէյրութ, Մարսէյ եւ Սիտնի, վերջին երեսնամեակին նաեւ կը հիմնուէին Պէյրութի եւ Հալէպի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկները, որոնցմէ վերջինը տակաւին կը գոյատեւէ այսօր։ Արեւմուտքի պարագային, Համազգայինի շրջանային վարչութիւնները մշտապէս իրենց օրակարգին վրայ ունեցած են նման հայագիտական հիմնարկի մը ստեղծումը, որ սակայն չէ իրականացած նիւթական միջոցներու սակաւութեան եւ գործնական դժուարութիւններու պատճառներով։ Գանատայի պարագային, յիշեմ Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած՝ 1990-ական թուականներէն մինչեւ վերջերս գործող Հայագիտական լսարաններու շարքը, որ տարեկան դրութեամբ եւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ, Մոնթրէալի եւ երբեմն Թորոնթոյի մէջ եւս իրականացուող ձեռնարկ մըն էր։

Ինչ կը վերաբերի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին, անոր հիմնադրութիւնը արդիւնք է մեզի ներկայացուած եւ կրկնուող պահանջի մը։ Անցնող տասնամեակին, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ ուսանողներ տարբեր առիթներով կը դիմէին մեզի՝ իրենց նախկին ուսուցիչներուն եւ Համազգայինին, երկրորդական կարգերուն մէջ իրենց ուսած գրական գիտելիքները ճոխացնելու ու լեզուական իմացութիւնը բարելաւելու փափաքը յայտնելով։ Աւելցնեմ, որ անոնք կը նախընտրէին կենդանի դասաւանդութեան տարազը, փոխան՝ ըսենք, գործող առցանց դասընթացքներու ձեւին։ Երբ այդպիսի փափաք յայտնողներու թիւը նկատառելի դարձաւ, որոշեցինք սկսիլ այս դասընթացքի ծրագրումը։ Սկզբնական շրջանին, աշխատանքը կ՚ընթանար իմ եւ գործակից ընկերոջս՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի համատեղ ճիգերով, որոնք տեւեցին շուրջ մէկ տարի: Դասընթացքի մեր պատկերացումը պատրաստելէ առաջ, դիմեցինք այս մարզին մէջ փորձառու վեց ուսուցիչ-մտաւորական անհատներու, խնդրելով իրենցմէ, որ մեզի ներկայացնեն իրենց պատկերացումները եւ ծրագրային դրոյթներու առաջարկները։ Անոնցմէ ստացած մեր պատասխանները համադրելով, կազմեցինք ներկայ ծրագիրը, որուն առանցքն է դասանիւթերու ընտրութեան թեմատիկ մօտեցումը, փոխան՝ ժամանակագրականին։ Այսպէս, օրինակ, պիտի ներկայացուին սփիւռքի գրականութեան զանազան շերտաւորումները, բանաւոր արտայայտութեան զարգացման աշխատանոցներ, կիները հայ գրականութեան մէջ նիւթը եւայլն.։ Գալով դասընթացքի նպատակներուն, անոնք են. ա) տրամադրել ուսանողին միջավայր մը, ուր ան հնարաւորութիւնը կ՚ունենայ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ գործածելու արեւմտահայերէնը իբր շնչող ու իր առօրեան շնչաւորող լեզու, բ) խորացնել ուսանողին հայկական մշակոյթին եւ գրականութեան գիտելիքները, եւ վերջապէս, գ) զարգացնել եւ կենսունակ դարձնել ուսանողին հայերէնի բառապաշարը զանազան մարզերու մէջ։ Այդ հիմունքներով կազմուած դասընթացքի պատկերացումը ներկայացուցինք Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, որ խանդավառուեցաւ մեր առաջարկով եւ ստանձնեց դասընթացքի վարչական աշխատանքներու հետապնդումը։ Երբ 2019-ի Նոյեմբերին յայտարարեցինք դասընթացքի մեկնարկը, չէինք ակնկալեր, որ մեծաթիւ հետաքրքրուողներ պիտի ունենայինք։ Այսօր ցարդ արձանագրուած են 24 ուսանողներ, որոնց մէկ կարեւոր տոկոսը կը կազմեն իրենց երկրորդական ուսումը վերջին մի քանի տարիներուն աւարտողներ, ինչ որ կը փաստէ վերը յիշուած պահանջին իրաւ առկայութիւնը եւ արդարացիութիւնը։

Հ.- Ձեր ղեկավարած Հայերէնագիտական դասընթացքէն առաջ որեւէ հայագիտական դասընթացք կազմակերպուա՞ծ է Գանատայի, կամ յատկապէս Մոնթրէալի մէջ։

Պ.- Հայագիտական բառին նեղ իմաստով դասընթացքներ ցարդ չեն կայացած Մոնթրէալի կամ Գանատայի այլ քաղաքներուն մէջ։ Ճշդեմ նաեւ, որ «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքն ալ չի յաւակնիր հայագիտութեան մասնագիտական դասընթացք մը ըլլալ։ Անոր ծրագրաւորման ընթացքին, նախընտրեցինք զայն կոչել հայերէնագիտական՝ եւ ո՛չ հայագիտական, երկու պատճառներով. Նախ՝ որովհետեւ վերջին որակումը վերապահուած է զուտ մասնագիտական դասընթացքներու, մինչդեռ այս դասընթացքը կը նպատակադրէ ուսանողներու գրական գիտելիքներուն հարստացումը եւ անոնց հայերէնի տիրապետութեան  զարգացումը. երկրորդ՝ հայագիտական դասընթացքները ընդհանրապէս կը տեղաւորուին կրթական հաստատութիւններու եւ համալսարաններու հայագիտական ուսմանց ծրագիրներուն մէջ։ Միաժամանակ, պէտք է յիշել, որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ, Մոնթրէալի մէջ եղած են հայերէն լեզուի կամ մշակոյթի ուսուցման հինգ դասընթացքներ։ Անոնցմէ երեքը կ՚աւանդուէին տեղական Université du Québec à Montréal, McGill եւ Concordia համալսարաններուն մէջ, առաջինը՝ Դոկտ. Գէորգ Պաղճեանի, երկրորդը՝ Դոկտ. Տորա Սաքայեանի՝ եւ վերջինը՝ Concordia համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան նախաձեռնութիւններով։ Անցեալին կար նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կրթական գործադիր մարմինի նախաձեռնած եւ Collège Marie-Victorin-ի գործակցութեամբ իրականացած հայերէնի դասընթացքը, որուն ուսանողները վարկանիշ կը ստանային այդ կրթական հաստատութենէն։ Վերջապէս, ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղը օրին կը կազմակերպէր հայաշխարհի զանազան երեւոյթներուն անդրադարձող լսարանային դասախօսութիւններու շարք մը։ Իսկ անցնող տարուան ընթացքին, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հիմնադրեց նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման սկսնակներու դասընթացք մը, որ իր երրորդ եռամսեակին մէջ է այսօր։

Հ.-Ինչո՞ւ կարիք զգացիք դասընթացքը անուանակոչելու, եւ ինչո՞ւ ի մասնաւորի Լեւոն Շանթի անունով։

Պ.- Դասընթացքին «Լեւոն Շանթ» անունով մակագրումը կը բխէր մի քանի նկատառումներէ։ Նախ՝ գրագէտ եւ թատերագիր Լեւոն Շանթի վաստակը նաեւ մեծ է հայեցի դաստիարակութեան մարզին մէջ, տեսական մանկավարժութեան մասին իր ծաւալուն աշխատութիւններով, մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտութեան համար իր պատրաստած 18 դասագիրքերով եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի հիմնադրութեամբ։ Երկրորդ՝ այս դասընթացքի ծրագրման եւ մշակման տարին կը զուգադիպէր մեծ գրողին ծննդեան 150-ամեակին։ Վերջապէս, մեր որոշման մէջ կարեւոր տուեալ մըն էր Լեւոն Շանթի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը ըլլալու հանգամանքը։

Հ.- Գրական ինչպիսի՞ գիտելիքներ ձեռք բերին ուսանողները իսթանպուլահայ գրող, ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Սեւան Տէիրմենճեանի դասախօսած առաջին դասապահու ընթացքին։

Պ.- Գիտէք, երբ կը խօսինք յետ-Եղեռնեան պոլսահայ գրականութեան մասին, ընդհանրապէս նկատի կ՚ունենանք գրասէր հասարակութեան քաջածանօթ անուններ, ինչպիսիք են՝ բանաստեղծներ Զահրատը, Զարեհ Խրախունին, Իգնա Սարըասլանը, վիպագիր եւ հրապարակագիր Ռոպէր Հատտէճեանը եւ այլք։ Բացի այդ վաւերական անուններէն, իսթանպուլահայ հայ համայնքը նաեւ ծնած է այլ գրողներ, որոնք համեմատաբար քիչ ծանօթ են Իսթանպուլէն դուրս ապրող հայ զանգուածներուն։ Սեւան Տէիրմենճեանի դասախօսութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէր 1915-էն ետք Իսթանպուլի մէջ հասակ նետած եւ ստեղծագործած վեց գրողներ, որոնք են՝ արձակագիրներ Անդան Էօզէրը, Երուանդ Կոպէլեանը, Վարդան Կոմիկեանը, Օննիկ Ֆըչըճեանը, բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանը եւ վիպագիր Զաւէն Պիպեռեանը։ Այս գրողներուն գործերը կը պատկերեն քաղաքային միջավայրեր, ուր կը ծնին իրենց տիպարներու անձկութիւններն ու զանոնք յուզող հարցերը։ Մեր ուսանողները ո՛չ միայն ծանօթացան այդ տիպարներէն ոմանց, այլեւ անդրադարձան, որ յիշեալ գրողներու հայ տիպարները չեն վարեր կղզիացած կեանքեր եւ կը յարաբերին իրենց անմիջական շրջանակին մէջ ապրող թուրք տիպարներու հետ։ Տէիրմենճեան նաեւ ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս գրողներու գործերուն մէջ ենթաթեքստով տրուած այնպիսի հատուածներու վրայ, ուր համայնքներու հանդէպ մօտիկ անցեալին գործադրուած թրքական ճնշումներուն մասին ակնարկութիւններ կը գտնենք։ Բաց աստի, Տէիրմենճեան նաեւ ներկայացուց Յակոբ Մնձուրին եւ Մկրտիչ Մարկոսեանը, որոնց գրական արտադրութեան նիւթը գաւառական կորուսեալ աշխարհն է, մինչդեռ առաջիններու գրականութիւնը կը կեդրոնանար քաղաքային կեանքերու վրայ։

Հ.- Ի՞նչ նիւթեր պիտի դասաւանդուին դասընթացքի երկու տարեշրջաններուն։ Հիւրերուն եւ դասախօսներուն անունները յստա՞կ են։

Պ.- Այո՛, մեր դասընթացքի չորս եռամսեակներու նիւթերը ճշդած ենք նախօրոք, եւ իւրաքանչիւր դասանիւթի համար ի մտի ունինք տուեալ նիւթին քաջածանօթ կամ անոր մէջ մասնագիտացած հայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ կամ գրողներ։ Ինչպէս վերը ըսի, դասընթացքի  լեզուն արեւմտահայերէն է, եւ ուրեմն նիւթերու ցանկին կազմութեան պահուն, որոշեցինք ընդգրկել արեւմտահայ գրականութեան, մեր լեզուի բանաւոր ու գրաւոր գործածութեան եւ ընդհանրապէս հայկական մշակոյթի ոլորտները։ Գրականութեան պարագային, օրինակ, արդէն ունեցանք պոլսահայ գրող, ուսուցիչ, խմբագիր եւ թարգմանիչ Սեւան Տէիրմենճեանը, իսկ այս շաբաթ պիտի հիւրընկալենք Քալիֆորնիայէն Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանը, որ պիտի դասաւանդէ «Որբի գրականութիւն» դասանիւթը, կեդրոնանալով Հայկական ցեղասպանութենէն վերապրած չորս գրողներու՝ Վազգէն Շուշանեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Մ. Իշխանի եւ Արամ Հայկազի վրայ։ Դասաւանդողներու ընտրութեան պահուն, փորձեցինք զանոնք գտնել մեր անմիջական շրջապատին մէջ, սակայն որոշեցինք նաեւ ամէն մէկ եռամսեակին համար հիւրընկալել մեր երկրէն դուրս ապրող հանրածանօթ դէմքեր։ Կապեր հաստատած ենք դասընթացքի Բ. եւ Գ. եռամսեակներու դասանիւթերուն համար մեր նկատի ունեցած անհատներուն հետ, վերջնականացնելու համար դասաւանդողներու անունները։ Յայտնեմ նաեւ, որ նախատեսուած չորս եռամսեակներու բոլոր դասանիւթերը հրապարակած ենք դասընթացքի կայքէջին վրայ՝ armenolog.wordpress.com:

Հ.- Շատ ողջունելի է Մոնթրէալի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած   այս նախաձեռնութիւնը։ Ի՞նչ հեռանկարներ ունիք։ Ապագային քառամեայ դասընթացք մը կազմակերպել կը մտածէ՞ք։

Պ.- Բնականաբա՛ր։ Այս դասընթացքի ծրագրաւորման ընթացքին, ընթացանք այնպէս, որ անոր աւարտին նախաձեռնութիւնը դառնայ մնայուն։ Այժմ մեր ճիգերը կեդրոնացուցած ենք առաջին դասընթացքի երկու տարուան վրայ տարածուող չորս եռամսեակներու յաջողութեան ապահովումին վրայ։ Յոյս կը տածենք, որ ի վերջոյ պիտի կազմակերպենք նաեւ երկամեայ կամ քառամեայ յաջորդական դասընթացքներու շարք մը։

Հ.- Կը կարծեմ, որ Թորոնթոյի հայ երիտասարդութիւնն ալ կարիքը ունի այսպիսի օգտաշատ եւ այժմէական դասընթացքի, որուն շնորհիւ պիտի զարգացնէ իր՝ լեզուին, մշակոյթին եւ հայ գրականութեան հանդէպ ունեցած իմացութիւնը։ Դասընթացքի մը աւետիսը սպասե՞նք ձեզմէ։

Պ.- Երբ մեր ծրագիրը կը ներկայացնէինք Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, կը շեշտէինք նման դասընթացք մը Թորոնթոյի մէջ եւս կայացնելու կարեւորութիւնը։ Շրջանային վարչութիւնը լրիւ բաժնեց մեր տեսակէտը եւ որդեգրեց ծրագիրը այնտեղ եւս իրականացնելու որոշումը, որ բնականաբար կը պայմանաւորուի տեղական ուժերու տրամադրելիութեամբ եւ կազմակերպչական գործերու ստանձնումով։

Հ.-Դասընթացքը երեք շաբաթ առաջ սկսաւ։ Ուսանողներուն մէջ դրական ի՞նչ փոփոխութիւններ նկատած էք այս շրջանին։

Պ.- Մեր դասընթացքի հիմնական դրոյթն է դասապահերու ընթացքին մղել ուսանողները, որ լծուին գործնական աշխատանքներու։ Այսպէս, երբ երկու շաբաթ առաջ կը ներկայացնէի կիները հայ գրականութեան մէջ դասանիւթը, խնդրեցի ուսանողներէն, որ այդ նիւթի մասին իրենց հակազդեցութիւնները գրի առնեն Սրբուհի Տիւսափին ուղղուած կարճ նամակներով։ Ուսանողներէն մէկը յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր նման աշխատանք չէր կատարած։ Երկրորդ մը, նոյն դասէն ետք, այդ նիւթը շօշափող գրական փորձ մը կատարած էր եւ ինծի ուղարկած։ Մէկ այլ ուսանող արդէն իսկ ընտրած է արտադասարանային ընթերցանութեան համար մեր առաջարկած ցանկէն գրական գործ մը, որուն ամփոփ ներկայացումը պիտի կատարէ եռամսեակի աւարտին, իբր իր աւարտական աշխատանքը։ Նման խանդավառութիւնը վարակիչ է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ ուսանողներու խումբին մնացեալ անդամներուն համար։

Հ.- Որպէս մասնագէտ ի՞նչ խորհուրդ կը փոխանցէք նոր սերունդին եւ յատկապէս օտար ափերուն վրայ ապրող հայ երիտասարդներուն։

Պ.- Յոյսս է, որ երիտասարդութեան մէջ հետզհետէ կը տարածուի արեւմտահայերէնի նկատմամբ գուրգուրանքն ու անոր յարատեւութիւնը ապահովելու կարեւորութեան գիտակցութիւնը։ Թէեւ այդպիսիք բազմաթիւ չեն մեր շուրջ, սակայն անոնք մեր մէջ են։ Մեզի կ՚իյնայ զիրենք գրաւելու եւ իրենց մէջ արեւմտահայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու աշխատանքը, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արդի ժամանակներու համահունչ մօտեցումներու վրայ, իսկ սփիւռքահայ երիտասարդներուն կ՚իյնայ իրենց լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան հաղորդ դառնալու անհրաժեշտութիւնը։