Յոյս Ունիմ, Որ Նոր Ներդրումներ Պիտի Գան Հայաստան Յատկապէս Սփիւռքէն. Հայաստանի Վարչապետ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

Վարչապետը յայտնեց, որ շատ կարեւոր կը համարէ տարածքային համաչափ զարգացման հարցը, եւ անոր իրագործման համար նոր իրավիճակի մէջ նոր հնարաւորութիւններ կը տեսնէ: «Յոյս ունիմ, որ նոր ներդրումներ պիտի գան Հայաստան յատկապէս Սփիւռքէն: Այդ պիտի նպաստէ նաեւ տարածքային զարգացման: Յոյս ունիմ, որ քաղաքական նոր իրավիճակին մէջ փիլիսոփայութիւնը պիտի փոխուի, մարդիկ աւելի շատ պիտի մտածեն մարզերու մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ», ըստ «Արմէնփրէս»ի, ըսաւ Փաշինեան:

Ան նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ կայ չմշակուող հողերու հսկայական ծաւալ, որուն մեծ մասը անջրդի են: Պէտք է կարենալ ոռոգման ջուրը դարձնել այնքան հասանելի, որքան ելեկտրականութիւնը: «Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան վրայ պէտք է աշխատինք: Խոշորացման հետ կապուած՝ մենք պէտք է կարենանք ապրեցնել գիւղերը, ո՛չ միայն կանգնեցնել գիւղերուն դանդաղ հանգչելու գործընթացը, այլ պէտք է այդ անիւը ետ պտըտցնել: Հարց ձեւակերպենք մեր գիւղերուն համար. գիւղը պէտք է ապացուցէ, որ խոշորացման կարիք չունի, գիւղին մէջ տնտեսական իրական կեանք կայ: Ասոնք իրական հարցեր են, որոնց ուղղութեամբ մենք պէտք է աշխատինք», ըսաւ վարչապետը: