Յուլիս 8-21 Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Համազգայինի Ամենամեայ Ուսանողական Ֆորումը


Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ամենամեայ ուսանողական հաւաքը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու  մշակութային հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու կրթական–մշակութային ինքնատիպ ձեռնարկ է:

 «Համազգային»ի ուսանողական հաւաքը` ֆորումը, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 8-էն 21: Մասնակիցները 35-ն են Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Ծրագրի 14 օրերու ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, իրենց հայաստանցի հասակակիցներու հետ պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Համահաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարանին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, պիտի լսեն դասախօսութիւններ «Ազգային նուագարաններ», «Հայ համայնքներ», «Ո՞վ  է  հայը»,  «Հայկական գեղանկարչութիւն» եւ այլ թեմաներով:

Ֆորումը եռօրեայ ծրագիրով պիտի այցելէ նաեւ Արցախ, պիտի հիւրընկալուի Ազգային ժողովին մէջ, պիտի ըլլայ Պաշտպանութեան բանակի զօրամասի մէջ:

Մանրամասնութիւններու համար կը խնդրենք կապ հաստատել Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին հետ:

                        Հեռ.` (+37410) 533949, (+37498) 533949, (+37499) 533949

                        Էլ. հասցէ` hayastan@hamazkayin.com