Նախագահներ Բակo Սահակեան ու Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցան Արցախի Անկախութեան Հռչակման 27րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներուն


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 2ին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:

Նախագահներ  Սահակեան եւ Սարգսեան միասին այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրին Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:

Ձեռնարկներուն մասնակցեցան նաեւ  Արցախի երկրորդ Նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն: