Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եւ Նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպեցան


Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահի նստավայրին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին հանդիպումը:

«Կ՛ուզեմ մաղթել, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ ձեւաւորէք կառավարութիւնը եւ լծուիք այն բոլոր խնդիրներու լուծման, որ մեր պետութեան, կառավարութեան, ողջ ժողովուրդի եւ այս երկրի` Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ են: Ձեզի լաւագոյն մաղթանքներս եւ յաջողութիւններ»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Նախապէս նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 2018-ի Մայիս 8-ի` Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետ ընտրելու վերաբերեալ որոշումը՝ այսօր հրամանագիր ստորագրած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին: