Նախագահ Թրամփի Փաստաբան Ռուտոլֆ Ճուլիանի Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական, Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտոլֆ Ճուլիանի Հոկտեմբեր 22ին, Ծիծեռնակաբերդ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ ինք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղապանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ:

Հարցուին, թէ արդեօք նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պիտի է՞ ճանչնայ Հայոց Ցեղասապնութեան փաստը, Ճուլիանի պատասխանեց. “Ես կը ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անիկա պատմական փաստ է: Սակայն ես Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի փաստաբանն եմ, եւ այստեղ ներկայ եմ իբրեւ անձ: Ուրեմն, Ամերիկայի վարչակազմը պէտք է որոշում կայացնէ այդ հարցին վերաբերեալ”:

Նշենք, թէ Ճուլիանի կը համարուի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան ազդեցիկ ներկայացուցիչներէն մէկը: Ան ութ տարի՝ մինչեւ 2001, Նիւ Եորքի քաղաքապետն էր: Յունուար 2017ին, նախագահ Թրամփ զայն նշանակեց “սայպըր” անվտանգութեան գծով ոչ պաշտօնական խորհրդական:

Ճուլիանի Երեւան այցելեց ռուսահայ գործարար Արա Աբրահամեանի հրաւէրով:

Ճուլիանի Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 22ին հանդիպեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Տօնոյեան Ճուլիանիին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգութեան միջավայրը: