Նախարարութեան Փոխարէն Կրնայ Ստեղծուիլ Սփիւռքի Հարցերով Կոմիտէ Կամ Յատուկ Յանձնակատարի Գրասենեակ


«Արմենփրես»,- ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` սփիւռքի հետ վարուող քաղաքականութեան գործառոյթները պիտի պահպանուին: Նախարարութեան լուծարումէն ետք սփիւռքի քաղաքականութիւնը հնարաւոր է մշակէ սփիւռքի հարցերով կոմիտէն կամ յատուկ յանձնակատարի գրասենեակը, Ազգային ժողովին մէջ Դեկտեմբեր 16ին ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեան` պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանի հարցումին:

Էդմոն Մարուքեան հարց տալով ըսաւ, որ Մխիթար Հայրապետեան սփիւռքի նախարար եղած ժամանակ միշտ շեշտադրած է նախարարութեան կարեւորութիւնը, իսկ հիմա, երբ ան պատգամաւոր է, կ՛ըսէ, որ նախարարութիւնը հնարաւոր է փակուի: «Ինչպէ՞ս տալ այդ ուղերձը սփիւռքին, որ վնաս չտայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն»։

«Մենք բաւական ազնիւ եղած ենք մեր ընտրողներուն առջեւ: Մինչ ընտրութիւնները Փաշինեան խօսած էր նախարարութիւններու միացման մասին եւ յստակ նշած նախարարութիւններու կրճատման հնարաւորութիւնը: Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութեան մասին բազմիցս խօսած ենք, սակայն հետեւեալ շեշտադրմամբ` եթէ զայն պիտի պահպանենք, ապա պէտք է տանք «սուփըր լծակներ»: Լուծարման պարագային սփիւռքի հետ քաղաքականութեան գործառոյթները, որոնք  ունեցած է նախարարութիւնը, պիտի պահպանուին: Պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ քաղաքականութեան մշակող ու իրականացնող առանձին օրինական կառոյց: Այժմ կը քննարկուի երկու օրինակ` Սփիւռքի հետ հարցերով կոմիտէի կամ կառավարութեան կազմին մէջ սփիւռքի հետ հարցերով յատուկ յանձնակատարի շատ մեծ գրասենեակ, ուր ներգրաւուած պիտի ըլլան նախարարութեան լաւագոյն աշխատակիցները», ըսած է Հայրապետեան:

Ան նշած է, որ սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու մասին խօսելով` կառավարութիւնը կը խօսի նաեւ, թէ ատոր դիմաց ինչ կ՛առաջարկէ:

Անդրադառնալով պատասխանին` Էդմոն Մարուքեան նկատեց, որ եթէ նախարարութիւնը կը կրճատեն ու կը ստեղծեն կոմիտէ, ատիկա կը նշանակէ, որ խորհրդարանական վերահսկողութեան տարածքէն դուրս կը բերեն զայն: «Ատոր համահունչ գերատեսչութիւն կը մնայ, սակայն մենք չենք կրնար հարցեր տալ ու քաղաքական իմաստով հաշուետւութիւն պահանջել ոեւէ մէկէ մը», ըսած է ան:

Հայրապետեան նշած է, որ եթէ կոմիտէ ըլլայ, ապա ան պիտի գործէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ենթակայութեան տակ, հետեւաբար քառօրեայի ամէն Չորեքշաբթի օրը խորհրդարանին մէջ կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ հնարաւորութիւն պիտի ունենան սփիւռքին վերաբերող հարցերով դիմել ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին:

«Շատ կարեւոր է, որ մենք ապահովենք գործառոյթներու ժառանգականութիւնը:  գործառոյթները պիտի շարունակուին իրականացուիլ, որեւէ մտահոգութիւն չկայ` ատիկա պիտի իրականացուի առանձին գերատեսչութեա՞ն, թէ այլ օրինական մարմնի տեսքով», նշած է նախկին նախարարը: