ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ- Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (3)


Րաֆֆի Տուտագլեան

Թէեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութիւնը պաշտօնապէս դեռ չէ սկսած, դաշինքներն ու կուսակցութիւնները վաղուց արդէն լծուած են ընտրապայքարի: Բոլորն ալ կը գիտակցին, թէ այս անգամ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան շատ աւելի բարդ պայմաններու տակ, որովհետեւ նոր օրէնսգիրքը կը սահմանափակէ քուէարկութիւններու արդիւնքները զեղծելու հնարաւորութիւնը: Այժմ, այլ միջոցներ պէտք են՝ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար: Այդ միջոցները վարչական լծակներն են ու մանաւանդ՝ դրամը:

Անցեալին, ընտրութիւններու նախօրեակին, պետական հաստատութիւններու մէջ աշխատողները գտնուած են հսկայական ճնշումներու տակ՝ իրենց, իրենց հարազատներուն եւ ծանօթ հարեւաններուն քուէները իշխող կուսակցութեան տալու համար: Միաժամանակ, իշխանաւորներու հետ սերտօրէն առնչուող երկրի մեծահարուստներն ու նորօրեայ աւատապետները իրենց բազմահազար աշխատողներուն պարտադրած են քուէարկել իշխող կուսակցութեան օգտին: Պետական թէ մասնաւոր հիւանդանոցներու եւ բուժհաստատութիւններու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ ոստիկանական համակարգի աշխատողներու, նաեւ նախարարութիւններու, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու, գիւղապետարաններու, գործարաններու, մեծ ընկերութիւններու եւ այլ կառավարական կամ սեփական հիմնարկներու պաշտօնեաներուն վրայ գործադրուող ճնշումներուն կողքին, կանխիկ գումարներու օգտագործումը, այսինքն՝ ընտրակաշառքը, եղած է քուէ կորզելու ամէնէն ազդու ձեւերէն մէկը:

Քանի մը օր առաջ, Ամերիկայէն Հայաստան տեղափոխուած Դալարը, որ ամուսնացած է Տուպայէն հայրենադարձ Անդոյին հետ, պատմեց, թէ ինչպէ՛ս պետական մանկապարտէզի ուսուցչուհին փորձած է, ի հարկէ քիչ մը ամչնալով, իր ընտանիքի անձնագրային տուեալները առնել:

– Գացեր էի երեխաս մանկապարտէզէն վերցնելու. մուտքին ինծի մօտեցաւ երեխայիս երիտասարդ ուսուցչուհին, ստուգեց քաղաքացիութիւնս եւ երբ իմացաւ, որ վաղուց արդէն Հայաստանի քաղաքացի եմ, ըսաւ. «Դալա՛ր ջան, գիտեմ դու դրսից ես, ամաչում եմ քո հետ խօսալ, խնդրում եմ էլի, ինձ սխալ չհասկանաս, իմ խմբի երեխէքի ծնողների անձնագրային տուեալներն են պահանջում… ես էլ չեմ կարայ «ո»չ ասեմ, պէտք ա ցոյց տամ, որ քուէ եմ հաւաքում: Կարո՞ղ եք ձեր անձնագրի քսերոքսները (պատճէնները) բերել, կամ էլ տուեալները գրաւոր տալ ինձ: Չգիտե՛մ, կարող ա փող էլ բաժանեն: Անկեղծ եմ ասում, ես նման բաներ չեմ սիրում, էլի՛, բայց ինչ առած…»,- բարկութեամբ պատմեց Դալարը, երբ ընկերներով հաւաքուած՝ կը խօսէինք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին, եւ շարունակեց.

– Նման բան հետս չէր պատահած: Նախ՝ պահ մը ուզեցի մտնել տնօրէնին մօտ եւ բողոքել ուսուցչուհիի այս արարքին համար: Յետոյ անդրադարձայ, որ տնօրէնը ի՛նքն էր ուսուցչուհիէն ծնողներու ցուցակները պահանջողը: Տնօրէնն ալ իր կարգին պիտի ըսէր, որ ինք եւս ճնշումի տակ է… Ուսուցչուհիին խրատեցի, որ այս հարցով անգամ մը եւս ինծի կամ ոեւէ ուրիշ ծնողքի չմօտենայ…։

Չզարմացա՛նք: Անցեալին, ընտրութիւններու օրերուն, նման պատմութիւններ շատ լսած էինք, եւ բազմաթիւ լրագրողներ այս մասին յաճախ գրած են… Տարբերութիւնը այն է, որ մարդիկ հիմա համոզուած են, թէ այս ընտրութիւններուն ոչ թէ 5000 դրամ, այլ իւրաքանչիւր քուէարկողի կրկնապատիկ ու եռապատիկ գումար պիտի տան:

Իսկ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս՝ կը գրեմ յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com