ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ- 24 Ժամը Բաւարար Չէ՛ (1)


Րաֆֆի Տուտագլեան

Ջերմ ու արեւոտ, գարնանային պայծառ օրերը վերջապէս հասան Հայաստան: Այս տարի ձմեռը շատ անգութ էր Երեւանի ու Արարատեան դաշտի բնակիչներուն համար: Ահաւոր ու երկարատեւ ցուրտը, որ աննախընթաց էր Հայաստանի պատմութեան մէջ, մառախուղն ու սառցակալած ճանապարհները ոչ միայն մարդոց տրամադրութիւններուն, այլեւ քսակներուն վրայ ծանր նստան: Գարնան հետ սկսաւ նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը, եւ այժմ ամբողջ երկիրը ողողուած է գովազդային պաստառներու վրայ երեւցող ժպտերես թեկնածուներու նկարներով, եթերով սփռուող յայտարարութիւններով, ելոյթներով, այցելութիւններով…

Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով՝ որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Քաշաթաղը նախկին Լաչինի շրջանն է, վերանուանուած ու վերակազմաւորուած, եւ Քարվաճառի հետ միասին՝ Հայաստանն ու Արցախը իրար կապող տարածքը. գաղտնիք չէ, որ անիկա ունի ռազմավարական շատ մեծ նշանակութիւն: Ազրպէյճանցիները կրցած էին ժամանակի ընթացքին պապենական այս հողերը հայաթափել ու բնակեցնել թուրքերով եւ այլազգիներով: Անոնք նաեւ քարուքանդ ըրած էին հայկական մշակոյթի ամբողջ ժառանգութիւնը։

Այցելութեան առաջին օրը, Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնական ու գործնական հանդիպումներ ունենալէ ետք, ճամբայ ելանք դէպի Քաշաթաղի շրջան: Առաջին մեր կանգառը Բերձորն էր, ուր հանդիպում մը ունեցանք Քաշաթաղի վարչական շրջանի պատասխանատուներուն հետ՝ քննարկելու համատեղ ծրագիրներ եւ ծանօթանալու շրջանի զարգացման ծրագիրներուն: Ապա քշեցինք դէպի հարաւ, ու փոքր գիւղերու մէջէն անցնելով՝ հասանք Իշխանաձոր, որ համեմատաբար մեծ գիւղ է: Այս բոլոր գիւղերուն բնակիչները բնականաբար կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Իշխանաձոր հաստատուած են Լիբանանի Այնճար հայաւանէն ու Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն եկած 6-7 ընտանիքներ: Անցեալին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ստանձնած էր քանի մը ընտանիքներու համար տուն կառուցելու պատասխանատուութիւնը, իսկ այսօր, անիկա տուն կը կառուցէ ՏԱՀԵՇի զինեալներու հալածանքն ու չարչարանքները իր մաշկին վրայ զգացած բժիշկ Հայկ Խաչատուրեանի համար: Ան քանի մը տարի առաջ, իր երեք դուստրերուն հետ հազիւ կրցած էր ազատիլ ՏԱՀԵՇի զինեալներէն եւ Հայաստան ժամանելէ ետք որոշած էր տեղափոխուիլ Արցախ ու ապրիլ ազատագրուած Իշխանաձորի մէջ: Այժմ, Հայկը Իշխանաձորի բուժհաստատութեան բժիշկներէն է եւ իր ազատ ժամերուն կը զբաղի հողագործութեամբ: Սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն է ան, որուն բժշկական խորհուրդներուն կը դիմեն ոչ միայն Իշխանաձորի, այլեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները:

Շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանային ըստ ծրագրուածին, բայց՝ որոշ ուշացումներով: Ձմեռը ակնկալուածէն աւելի երկար տեւած էր եւ պատճառ դարձած կարգ մը աշխատանքներու յետաձգումին: Շինարարներուն թելադրեցինք յաւելեալ թափով շարունակել աշխատանքները, որպէսզի կարենանք տունը խոստացուած թուականին յանձնել բժիշկ Հայկին:

Շինարարներուն ու քանի մը գիւղացիներու հետ թէյ ու սուրճ խմելէ ետք, ճամբայ ելանք դէպի Երիցվանք, Միջնաւան ու Կովսական, որպէսզի ծանօթանանք մեր գիւղատնտեսական եւ վերաբնակեցման ծրագիրներու ընթացքին: Այս մասին կը գրեմ յաջորդ նամակիս մէջ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com