“Նայիրի” Երգչախումբը Կը Մասնակցի Singing Together-ի Ծրագրին


“Նայիրի” երգչախումբի վերջին ելոյթէն պահ մը:

 

Ապ­րե­լով հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, սփիւռ­քա­հա­յը ու­նի ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը իր ազ­գի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը օ­տա­րին ծա­նօ­թաց­նե­լու, փոքր ճի­գով օգ­տո­ւե­լով ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տի հա­ղոր­դա­կա­նու­թե­նէն: Կա­րե­ւոր է օգ­տո­ւիլ  ո­րե­ւէ ստեղ­ծո­ւած ա­ռի­թէ այդ ա­ռա­քե­լու­թեա­նը ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­մար:

Ա­հա, այդ­պի­սի ա­ռիթ մըն է Singing Together ա­մէ­նա­մեայ հա­մեր­գա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ ի­րարու մօտ կը բե­րէ տաս­նեակ եւ ա­ւե­լի թո­րոն­թոբ­նակ ազ­գա­յին հա­մայնք­նե­րու երգ­չա­խում­բեր մէկ ե­կե­ղեց­ւոյ գմբե­թի տակ եւ մէկ բե­մի վրայ, միա­սին ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու  ethnic մշա­կոյթ­նե­րու երգ ե­րաժշ­տու­թեան նմոյշ պա­տա­ռիկ­նե­րը: Singing Together-ը 1995-էն ի վեր ա­մէն տա­րի ա­նընդ­մէջ յա­ջո­ղու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Ապ­րիլ կամ Մա­յիս ա­միս­նե­րուն:

Շա­բաթ՝ 4 Մա­յի­սի 2019-ի ե­րե­կո­յեան, St. Paschal Baylon Church, Thornhill, ON ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տա­րո­ւան հա­մեր­գա­յին հան­դի­սու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մազգ հա­մայնք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք ե­կած էին վա­յե­լե­լու տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու երգ­չախմ­բա­յին կա­տա­րում­նե­րը, ի շարս այ­լոց նաեւ՝ հայ­կա­կա­նը: Մօտ եօթ հա­րիւր հան­դի­սա­տես­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ե­լոյթ ու­նե­ցաւ  ՙՆայիրի՚ երգ­չա­խում­բը: Ասիկա ՙՆայիրի՚ի 21-րդ­ ե­լոյթն էր:

Թո­րոն­թո­յի եւ շրջա­կայ­քի Հայ հա­մայն­քը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն  իր բա­ժինն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ այս միջէթ­նիք հա­մայն­քա­յին մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կին, շնոր­հիւ ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բին: Ար­դա­րեւ,1998էն սկսեալ մինչ օրս ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Singing Together-ին:

Մա­յի­սի 4-ին կա­յա­ցած հա­մեր­գին երգ­չա­խում­բը Հայ եւ օ­տար հան­դի­սա­տե­սին ներ­կա­յա­ցուց չորս եր­գեր՝ ՙԵրգ Բա­րե­կա­մու­թեան՚ երժշ. Կէօ­զէ­լեան, ՙՈվ Հա­յոց Աշ­խարհ՚ երժշ. Ս. Տա­րօն­ցի, ՙԱր­փա Սե­ւան՚ երժշ. Է. Յով­հան­նէ­սեան, ՙՀայ­րե­նի­քիս Հետ՚ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան` երժշ. Ա. Յա­րու­թիւ­նեան։

Մա­յի­սի 4-ին ՙՆա­յի­րի՚ն ­բեմ բարձ­րա­ցաւ հե­տե­ւեալ կազ­մով՝

Սոփ­րա­նօ՝ Մա­րի­նա Տոր­նա, Ա­մա­լիա Գաբ­րիէ­լեան, Ա­նա­հիտ Քէր­քէ­զեան, Ա­լիս Տէօք­մէ­ճեան, Աստ­ղիկ Այն­թապ­լեան, Սիլ­վա Շամ­լեան, Սո­նա Պե­տի­կեան:

Ալ­թօ՝ Հաբ­րուկ Արս­լա­նեան, Զո­ւարթ Փա­փա­զեան, Ա­սիք Այ­վա­զեան, Յաս­միկ Աբ­րա­հա­մեան, Սո­նա Գալ­ճեան Տո­լապ­ճեան:

Թե­նօրª Միհ­րան Ճիզ­մէ­ճեան, Լե­ւոն Քա­լէմ­քէ­րեան, Մով­սէս Հա­յի­թեան, Մհեր Մի­նա­սեան:

Պաս՝ Հայկ Ա­կո­բեան, Գէորգ Ա­լա­ճա­ճեան, Գէորգ Ճիզ­մէ­ճեան, Գուր­գէն Ման­կա­սա­րեան։ Խմբա­վար՝ Վազ­գէն Գալ­ճեան եւ դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թիւն՝ Սո­նա Յով­սէ­փեա­նի:

Նա­խորդ տա­րի­նե­րու հա­մերգ­նե­րուն մաս­նա­կից երգ­չա­խում­բե­րու թի­ւը հա­սած է 14ի: Այս տա­րո­ւան հա­մեր­գին մաս­նակ­ցե­ցան եօ­թը երգ­չա­խում­բեր:  Իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Օք­վիլ/Միս­սի­սա­կա շրջա­նէն Հայ­կա­կան ման­կա­պա­տա­նե­կան ՙՆուռ՚ երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բի նախ­կին ան­դամ Ֆրանք Փէ­թի­զեա­նի:

Անց­նող տա­րի­նե­րու նման այս տա­րի ալ ՙՆա­յի­րի՚ի եր­գի կա­տա­րում­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ու հա­մակ­րանք ստեղ­ծե­ցին օ­տար հան­դի­սա­տե­սին մօտ: Երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը այս ե­լոյ­թին պատ­րաս­տո­ւած էին եր­կու ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, շա­բա­թը մէկ ան­գամ փոր­ձե­րով:

ՙՆա­յի­րի՚ն ­ներ­կա­յիս կը հա­շո­ւէ ե­րե­սու­նէ ա­ւե­լի ան­դամ­ներ, ո­րոնք ձմրան ձիւնն ու ցուրտն իսկ ան­տե­սե­լով շա­բա­թը մէկ կը հան­դի­պին եր­գի փոր­ձե­րուն հա­մար: Քիչ չէ թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք ան­ցեա­լին մաս կազ­մած են այս երգ­չա­խում­բին, սա­կայն այ­սօր ան­հա­տա­կան յար­գե­լի պատ­ճառ­նե­րով ա­նոնք դադ­րած են:

Երգ­չա­խում­բին ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար սահ­մա­նա­փա­կում­ներ չկան Թո­րոն­թո­յի եւ շրջա­կայ­քի Հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն առ­ջեւ: Հայ երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը գնա­հա­տող ա­մէն անձ կրնայ ան­դա­մակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ կապ հաս­տա­տե­լով Մա­րի­նա Տոր­նա­յի հետ: