«Նացիական Գործելաոճ» Ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչցող Էրտողանի Թուրքիան, Ոչ Թէ Մըրքըլի Գերմանիան. The Independent


Գերմանիոյ իշխանութիւններու գործելաոճը նացիականներու գործողութիւններու հետ համեմատած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերուն մէջ իւրայատուկ անպարկեշտութիւն կայ, բրիտանական The Independent պարբերականին մէջ գրած է Ռապըրթ Ֆիսք:

Ան օրերս յայտարարած է, որ այն օրուընէ, երբ Պեռլինը արգիլած է երկրի տարածքին թրքական քաղաքական հանրահաւաքներու իրականացումը, Գերմանիան նացիական գործելաոճ կը վարէ, բան մը, որ Էրտողան պարբերաբար կ՛ընէ իր երկրին մէջ` արգիլելով հանրահաւաքները: Հարցը այն չէ, որ Գերմանիան ամէն օր ցաւակցութիւն կը յայտնէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Եւրոպայի հրէաներու վերացման առնչութեամբ, ոչ ալ այն, որ Միջին Արեւելքէն փախստականները իր երկիրին մէջ ձգելու Մըրքըլի քաղաքականօրէն խոցելի որոշումը, այլ այն, որ Էրտողանի սեփական ժողովուրդը չէզոք մնացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:

Նացիները, որոնց Էրտողան կը ձեւացնէ, թէ այդքան կ՛ատէ, բաւականին կը սիրէին Թուրքիան: Ոչ միայն Թուրքիան չէզոք դեր պահպանեց պատերազմի մէջ, այլեւ նացիական թերթերը 1930ականներու սկիզբէն ի վեր պարբերաբար կը գովաբանէին «թրքացուած» պետութիւնը, որ յառաջացած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւերակներէն: Սա նուրբ յղում էր 1915ին իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մէկուկէս միլիոն ներկայացուցիչի ցեղասպանութենէն ետք Օսմանեան Թուրքիոյ «ռասայական մաքրութեան», հոլոքոստի, որ խորապէս ազդած է Հիթլերի վրայ Եւրոպայի հրէաները ոչնչացնելու որոշումը կայացնելու ժամանակ:

Պատերազմէն առաջ թերթերուն տուած քանի մը հարցազրոյցներու ատեն Հիթլեր անդրադարձած է հայկական կոտորածներու մասին Եւրոպայի սեփական մոռացութեան: Ան նոյնիսկ հարցուցած է` «Ո՞վ այժմ կը յիշէ ատոնք» Լեհաստան 1939 թուականի ներխուժումէն առաջ` որպէս հրէաները սպաննելու բաց հրաւէր:

Եւ երբ Մերքելի Գերմանիան մշտապէս զղջում կը յայտնէ հրէաներու հոլոքոսթին համար, Էրտողան նոյնիսկ չ՛ընդունիր 1915ին իր հայ քաղաքացիներու նկատմամբ Թուրքիոյ իրականացուցած հոլոքոսթը: Ժամանակակից թուրքերը, որոնք խօսած են ցեղասպանութեան այս սարսափելի նախադէպին մասին, յայտնուած են ազատազրկուելու սպառնալիքին տակ: Նոյնիսկ այսօր Կազիանթեփի հայկական մայր տաճարը կը գործէ որպէս մզկիթ, մինչդեռ Մերքելի Գերմանիան վերականգնած է հրէական սինագոգները, որոնք նացիները ոչնչացուցած էին 1938ի Նոյեմբերին:

Բոլորովին պատահական կերպով, Միացեալ Նահանգներու մէջ այս ամռան ուշագրաւ գիրք մը տպագրուած է թրքական բանակին մէջ ծառայած երիտասարդ հայու մը` մինչեւ հիմա չլսուած պատմութեան մասին. ան ծառայած է բանակի շարքերուն մէջ այն ժամանակ, երբ այդ բանակի զինուորները կը սպաննէին իր սեփական ժողովուրդը` մասնաւորապէս իր ընտանիքի անդամները: Անիկա կը ներկայացնէ Երուանդ Ալեքսանեանի սեփական պատմութիւնը` բաւականաչափ քանակութեամբ անառարկելի փաստագրութեամբ, որոնք թոյլ չեն տար թուրք «ցեղասպանութիւնը հերքողներուն» գիրքը կեղծիք անուանել, կը գրէ հեղինակը: Գիրքին նախաբանը գրած է Իսրայէլի գլխաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնին, իսկ խմբագրած է Երուանդին դուստրը` Ատրիան Ալեքսանեանը:

«Ան պատմութիւն է, որ Էրտողան պէտք է կարդայ եւ բարձրաձայնէ ու տարածէ, քանի որ անիկա կը ներառէ շատ աւելի «նացիական գործելակերպ», քան Սթամպուլի նոր սուլթանը երբեւէ կը ցանկար ընդունիլ», կը գրէ հեղինակը: Երուանդը, որ ողջ մնացած է եւ արտագաղթած ԱՄՆ, շարք մը նամակներ յղած է ամերիկացի քոնկրեսականներուն իր ժողովուրդի սպանութիւնը ճանչելէ հրաժարող Թուրքիոյ կեցուածքին մասին: Հայկական Հոլոքոսթի մասին անոր պատմութիւնն է, որմէ պէտք է ամչնայ սուլթան Էրտողան», կ՛եզրափակէ Ռապըրթ Ֆիսք: