Ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100ամեակի Տօնակատարութիւններու Նշանակը


Մայիս 28ին Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ կարգին՝ Երեւանի եւ Սարդարապատի հուշահամալիրին մէջ տեղի  պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած համապետական շարք մը ձեռնարկներ: Այս ձեռնարկներուն ընդառաջ ստեղծուած է ներկայացուած նշանակը, ինչպէս նաեւ անոր օգտագործումին ուղեցոյցը:

Նշանակը հանրութիւնը կրնայ օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ընթացքին, տարբեր իրերու (գաւաթներ, գազակներ, գիրչներ եւ այլն) համար:

Նշենք նաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100րդ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութեան ձեռնարկներու շրջանակին մէջ,  Մայիս 25ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` 100 տարուան յետահայեաց» խորագիրով ցուցահանդէսը: Պիտի ներկայացուին ցուցանմուշներ` Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշներ, կարեւոր փաստաթուղթեր, ժամանակի կենցաղը արտացոլող նիւթեր, հագուստի նմոյշներ եւ այլն:

Մայիս 28ին Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզային կեդրոններուն մէջ տեղի պիտի ունենան տօնական համերգներ: Համերգները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ մարզպետարաններուն համագործակցութեամբ: