«ՆերՈւժ 2» Ծրագիրին Յաղթեց 6 Startup


“ՆերՈւժ” ծրագրին առաջին մրցանակ ստացած «Fact industries» startup-ը կը ստանայ դրամաշնորհ

(Արմռատիօ),- Դեկտեմբեր 16-20 Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցին (UWC) մէջ տեղի ունեցաւ «Ներուժ» ծրագիրի հաւաքը, որուն մասնակցեցաւ 47 արհեստագիտական startup-ի (startup-ը ներաստեղծ կամ ստեղծման փուլի մէջ գտնուող ընկերութիւն է, որու հիմնադիրները կը կարծեն որ իրենց արտադրանքին կամ ծառայութեան կարիքը եւ պահանջարկը կայ) 80 ներկակացուցիչ, 17 երկրէ:

Ծրագիրը նպատակն է խթանել հայրենադարձութիւնը, ստեղծել հարթակ եւ հնարաւորութիւն տալ սփիւռքի նորաստեղծ ընկերութիւններուն իրենց startup-ները Հայաստան բերելու, գործունէութիւն ծաւալելու եւ երկրին մէջ startup-ներու միջավայրը բարելաւելու համար։

Ծրագրի աւատրին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս տարուան յաղթողները 6 startup-ներ էին, որոնք արդէն շուկայ դուրս բերելու պատրաստ արտադրանք կամ ծառայութիւն են, կամ դեռ՝ գաղափարներ:

Գաղափարի մակարդակի վրայ գտնուող երեք startup-ներն են` «Marathon», «eBin», «SoFetch», որոնք արժանացան 15000, 20000 եւ 25000 հազար տոլար դրամաշնորհներու: Շուկայ դուրս գալու ընկերութիւններէն առաջինէն երրորդ մրցանակի արժանացան «Schedex», «Garoon Tech» եւ «Fact industries» startup-ները:

Այդպիսով, դրամաշնորհային 80 միլիոն (մօտաւոր $165,000) դրամէն մօտ 64 մլն 800 հազար դրամը կը յատկացուի մրցութային ծրագրին յաղթած startup-ներուն որպէս դրամաշնորհներ, եւ եւս 15 միլիոն 200 հազար դրամը պիտի յատկացուի այլ startup-ներու, որոնք իրենց գաղափարները իրականութիւն կը դարձնեն հայրենիքի մէջ։

Ողջունելով մասնակիցները` «Ներուժ»ի հիմնադիր Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր նկատեց ծրագրի նախորդ տարուան յաղթողներուն ընձեռած հնարաւորութիւնները:

«Եթէ անոնք չկայանային, այս տարի «Ներուժ» ծրագիրը տեղի չէր ունենար: Ես աւելի քան վստահ եմ, որ այս անգամ յաղթողները եւս պիտի յաջողին հայրենիքի մէջ: Հայաստանը այլեւս միայն յուզական տարածք չէ ձեզի համար, Հայաստանը միայն Արարատ լեռը չէ, միայն պատմական, հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը չէ: Հայաստանը ժամանակակից, արագ կշռոյթով զարգացող, գրաւիչ երկիր է, որ ձեզ կը կանչէ ըսելով՝ եկէք, հաստատուեցէք, գործ ըրէք, հարստացէք եւ հարստացուցէք ձեր միջավայրը», ըսաւ ան:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան նշեց, որ այս տարի «Ներուժ»ը ունի բոլոր նախադրեալները անցած տարուան յաջողութիւնը կրկնելու համար, մասնակիցները «Ներուժ»էն պիտի տանին միայն դրական լիցքեր, տպաւորութիւններ, նորէն հայրենիք գալու ցանկութիւն:

Բարձր Արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Աբրոյեան  անդրադարձաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ կապերուն, որոնց պէտք է ճիշդ ուղղորդել: Ըստ անոր` «Ներուժ»ը այն ծրագիրն է, որ յաջողութեամբ կամուրջ կը հանդիսանայ հայաստանեան եւ սփիւռքի յառաջադէմ ու ապագային ապրող մարդոց` դառնալով անոնց մտքերու փոխանակման, նախագիծերուն կեանքի հնարաւորութիւն տալու օղակ: Ան նաեւ յայտնեց, որ մրցոյթին չյաղթածները չյուսահատին, որով նախարարութիւնը յաջորդ տարի հանդէս պիտի գայ շարք մը նոր  նախաձեռնութիւններով։

Մրցանակային պարգեւներէն բացի, չորս օրուան ընթացքին startup-ները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու եւ շփուելու հայկական startup միջավայրի դերակատարներու հետ, ստանալու գործնական ուսուցում եւ ուղղորդում հայաստանեան եւ միջազգային փորձագէտներու կողմէ, ներկայացնելու իրենց startup-ը դատական կազմին առջեւ`  կազմուած միջազգային եւ տեղական ներդրողներէ, արհեստագիտական ոլորտի փորձագէտներէ:

Անցեալ տարի նոյն ծրագիրով յաղթած եւ պետական դրամաշնորհին արժանացած երեք startup-ները`  Brushette, «Grüv» և «Storegear», մէկ տարուան մէջ իրենց գործը հիմնած են Հայաստանի մէջ եւ ստեղծած 14 նոր աշխատատեղ:

«ՆերՈւժ» ծրագրին գորընկերներն են` Հայաստանի բիզնես հրեշտակների ցանցը (BANA), Հայաստանի գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հիմնադրամը (FAST), Դիլիջանի միջազգային դպրոցը (UWC), Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ հիմնադրամը (IDeA) եւ Օրիոն համաշխարհային նորարարութիւններ ընկերութիւնը (Orion Worldwide Innovations LLC.):

Սուրիոյ եւ Գանատայի Հայերը Կը Հեշտացնեն Օգտատէրերու Գործը

Այս տարուան «ՆերՈւժ» ծրագիրին մասնակցած Սուրիայէն Արաքեայ Միլեքը (նկարին մէջ` ձախէն) եւ Գանատայէն Նուէր Քասիսը կ Հայաստան հաստատուելու եկած են եւ ստեղծած «Unique» startup-ը: Ան օնլայն հարթակ է, որ կ՛օգնէ գործարար օգտատէրերուն համապատասխան մակագրութիւններ (superscription) զետեղել իրենց գործին անհրաժեշտ լուսանկարներուն տակ, որոնք կ՛ուզեն տարածել համացանցի մէջ:

«Շատերը ժամանակ եւ հնարաւորութիւններ չունին արհեստավարժ, ստեղծագործական ու գեղեցիկ մակագրութիւններ գրելու իրենց գործը պատկերող լուսանկարներուն տակ: Անոնք նկարները կը տեղադրեն մեր հարթակին մէջ, եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ այդ գործին հմտացած մարդիկ զանազան մակագրութիւններ կ՛ուղարկեն անոնց, օգտատէրն ալ կ՛ընտրէ այն մէկը, որ իրեն հաճելի է», կը ներկայացնէ Արաքեան:

Աղջիկները առաջին անգամ կը մասնակցին «ՆերՈւժ»ին։

«Շատ հետաքրքրկական կ՛անցնի, արդէն մտերիմներ ունինք այստեղ:  «Ներուժ»ը շատ լաւ կազմակերպուած է: Ուրախ ենք, որ startup-ի աշխարհին մէջ մեզի աջակցողները շատ են: Հայաստանի մէջ արժեհամակարգը շատ բարձր է, մարդկային յարաբերութիւնները` ջերմ: Բոլորին կոչ կ՛ընեմ գալու, ապրելու Հայաստան», կ՛ըսէ Նուէրը:

Արաքսեայ Միլեք եւ Նուէր Քասիս

 

Այս տարուան “ՆերՈւժ” ծրագրին մասնակիցները՝ Դիիլջանի միջազգային դպրոցին մէջ