Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած է Ճասթին Թրիւտոն Գանատայի Օրուան Առիթով


ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն Գանատայի օրուան առիթով։ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Հայաստանի ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունէն ջերմ շնոր­հաւո­րանք­ներ ու լաւագոյն մաղթանքներ կը յղեմ Ձեզի Գանատայի օրուան առիթով:

Անցեալ տարի Հայաստան կատարած Ձեր պաշտօնական այցը նոր մա­կար­դա­կի բարձրացուց մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յա­րա­բե­րու­թիւնները` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ համակրանքի վրայ: Ջերմութեամբ կը յիշեմ մեր երեւանեան հան­դի­պում­նե­րը, որոնք ի յայտ բերին երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ներուժը արդիւնքի վերածելու մեր փոխադարձ ձգտումը:

Օգտուելով առիթէն` կը ցանկամ  նաեւ երախտագիտութեամբ նշել այն զգա­լի դերը, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կը կատարէ գանատահայ հա­մայն­քը: Անոր տպաւորիչ վերելքն ու նուաճումները լաւագոյնս կը վկայեն այն մասին, որ Գանատան աւանդապէս կը սատարէ եւ առաջ կը մղէ մարդասիրութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան գաղափարներն ու սկզբունքները:

Ընդունեցէք խնդրեմ առողջութեան, յաջողութեան եւ քա­ղա­քական նորանոր յաղթանակներու իմ մաղթանքները Ձեզի եւ խաղաղութեան, յա­ռաջ­ընթացի եւ բարօրութեան մաղթանքներս Գանատայի բարեկամ ժողովուրդին»: