Նիկոլ Փաշինեան Սահմանամերձ Գիւղերու Շրջանաւարտները Հիւրընկալած է Կառավարական Առանձնատան Մէջ․ լուսանկարներ


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալած է սահմանամերձ գիւղերու 100-է աւելի շրջանաւարտներ: Վարչապետը շրջանաւարտներուն շնորհաւորած է «Վերջին զանգի» առիթով եւ մաղթած մեծ յաջողութիւններ իրենց կեանքին մէջ:

«Մեր թաւշեայ յեղափոխութիւնը շատ կարեւոր կարգախօս մը ունէր եւ ունի, որ քաղաքացիները բազմիցս վանկարկած են` «Մենք ենք տէրը մեր երկրի»: Այս տարածքը ստեղծուած է բարձրաստիճան պաշտօնեաները սպասարկելու համար եւ մենք հարկ համարեցինք, որ դուք` սահմանամերձ համայնքներու շրջանաւարտներդ, հնարաւորութիւն ունենաք ձեր օրը նշելու այստեղ` ի նշան այն բանի, որ մենք կը ծառայենք ձեզի: Մեր մեծագոյն խնդիրն է մեզմէ կախուած ամէն ինչ ընել, որպէսզի դուք ամէն օրուան հետ զգաք, որ կ՛ապրիք աւելի ու աւելի լաւ երկրի, աւելի ու աւելի լաւ հայրենիքի մէջ», ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը մեր երկրի խնդիրներու լուծման կարեւորագոյն միջոցը համարած է կրթութիւնը: «Կը խնդրեմ, երբեք կրթութիւնը չթերագնահատէք: Նոր Հայաստանի մէջ կրթութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ կրթական ցենզի շարունակական բարձրացումը առաջնահերթութիւն են: Կոչ կ՛ընեմ, որ ձեր յետագայ կեանքի ամէն յաջորդ օրը ունենաք աւելի բարձր զարգացման մակարդակ: Ոչ մէկ օր, ոչ մէկ ժամ, ոչ մէկ վայրկեան կարելի չէ դադրիլ սովորելէ», նշած է վարչապետը:

Լուսանկարները՝ ՀՀ Վարչապետի կայքէն։